«ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՒԱՐՏԱԾ ԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԸ

Օպամա եւ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզօղլու «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Կիւլ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղուած իր նամակին մէջ յայտնած է, որ «չենք ուզեր սուրիական վարչակազմին մէջ տեսնել մէկը, որ կը զղջայ պատահելիքին վրայ, երբ արդէն շատ ուշ է»:

Հիւրմիւզօղլու հերքեց, որ Թուրքիա Դամասկոսի «15 օրուան պայմանաժամ» մը տուած է` նշելով, որ «յառաջիկայ օրերուն ընթացքին սուրիական քայլեր կը նախատեսենք, եւ եթէ բարի կամեցողութիւն կայ, բարեփոխումը պէտք է երկու շաբթուան ընթացքին աւարտած ըլլայ: Ռամատանի ամսուան աւարտին աւարտած պէտք է ըլլայ»: Ան աւելցուց, որ Թուրքիա կը փափաքի, որ այդ բարեփոխումները «վարչակարգին բնոյթն ու ձեւը փոխող եւ ժողովուրդին պահանջները բաւարարող ցնցում մը ըլլան»:

Հիւրմիւզօղլու նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի տեսակէտը փոխանցած է, ինչպէս նաեւ «արիւնահեղութիւնն ու քանդումը անմիջապէս դադրեցնելու եւ խաղաղ ցոյցերը ճնշելու համար բռնարարքներու չդիմելու անոր յստակ պատգամը»:

Հիւրմիւզօղլու նշեց, որ սուրիացիք թրքական խրատներուն ուշադիր կերպով մտիկ ըրած են եւ հասկացողութիւն ցուցաբերած քաղաքներէն զինեալ ուժերն ու զինուորական մեքենաները դուրս բերելու, թուրք լրագրողներուն նշեալ քաղաքներ մուտք գործելը արտօնելու կարեւորութեան նկատմամբ: Ան յայտնեց, որ կարգ մը թուրք լրագրողներ սուրիական շրջաններ այցելած են, սակայն Թուրքիա կ՛ուզէ, որ ասիկա մնայուն ըլլայ եւ ոչ թէ պարզապէս կազմակերպուած այցելութիւններ` աւելցնելով, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի, որ օտար մամլոյ լրագրողները եւս միջազգային հասարակութիւնը լուսաբանելու համար սուրիական քաղաքներ այցելելու իրաւունքը ունենան:

Իսկ թէ ի՛նչ պիտի պատահի, եթէ Սուրիա չընդառաջէ այս կոչին, Թուրքիոյ նախագահի խորհրդականը յայտնեց, որ Անգարա «կը նախատեսէ, որ պատահի այն, որմէ նախապէս զգուշացուցած էր, այսինքն` Սուրիան միակողմանի կերպով ճակատում ունենայ միջազգային ընտանիքին մէջ իր դէմ խիստ որոշումներու որդեգրումով եւ անոր մէջ օտար միջամտութեամբ»: Ան աւելցուց, որ եթէ որոշումը ՄԱԿ-էն բխի, ապա բոլոր երկիրները, ներառեալ` Թուրքիան, ստիպուած պիտի ըլլան զայն գործադրելու:

Հիւրմիւզօղլու հերքեց, թէ թրքական զինուորական միջամտութեան մը եւ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի մը ստեղծման հարցերը քննարկուած են:

Թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները թրքական բանակի հանգստեան կոչուած սպաները զօրակոչի ենթարկած են` առ ի պատրաստութիւն Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ որեւէ զարգացումի: Օրաթերթը նշեց, որ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ թրքական իշխանութիւնները մտավախութիւն ունին, որ սուրիական բանակին կատարած գործողութիւններէն ետք դէպի Թուրքիա մեծաթիւ գաղթականներու հոսք մը կրնայ ըլլալ:

Թուրք նախկին նախարար Եաշար Պաքըշ իր կարգին եգիպտական «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ «Սուրիա պէտք է ականջ տայ Թուրքիոյ խրատներուն, այլապէս ապագային շատ աւելի վատ բաներ պիտի պատահին, քան ինչ որ մինչեւ հիմա պատահած է»: Ան բացատրեց, որ եթէ սուրիական տագնապը առանց լուծումի շարունակուի, ապա սուրիացի ժողովուրդը բաղկացնող յարանուանութեանց միջեւ քաղաքացիական պատերազմ տեղի պիտի ունենայ` նշելով, որ «սիւննիները սուրիացի ժողովուրդին 80 առ հարիւրը կը կազմեն, իսկ ալեւիները քառասուն տարիէ ի վեր կ՛իշխեն, թէեւ բնակչութեան միայն 8 առ հարիւրը կը ներկայացնեն»:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Պաշտօնատարներ յայտնած են, որ անոնք Սուրիոյ եւ Ափրիկէի հարցերը քննարկած են:

Ըստ Թուրքիոյ վարչապետարանի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան, «երկու ղեկավարները Սուրիոյ կացութեան հրատապութիւնը ընդգծած են` խոր մտահոգութիւն յայտնելով քաղաքայիններուն դէմ սուրիական կառավարութեան կողմէ բիրտ ուժի կիրարկման նկատմամբ, ինչպէս նաեւ դէպի ժողովրդավարութիւն փոխանցման սուրիացի ժողովուրդին օրինական ակնկալիքները բաւարարելու կարեւորութիւնը հաստատած»:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ երկու ղեկավարները կոչ ուղղած են արիւնահեղութիւնը եւ քաղաքայիններուն դէմ բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնելու: «Երկու կողմերը համաձայնեցան մօտէն հետեւիլ սուրիական կառավարութեան կողմէ առնուելիք քայլերուն եւ խորհրդակցութիւնները շարունակել»:

Share this Article
CATEGORIES