ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ԱՆԴԱՄՆԵՐԷՆ ՉՈՐՍԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԵՑԱՒ
Նախաքննական մարմինը մեղադրանք առաջադրած է անցեալ երեքշաբթի օր ձերբակալուած Հայ ազգային քոնկրեսի 7 անդամներէն 4-ին նկատմամբ:
Երիտասարդ ընդդիմադիրներու փաստաբան Վարդուհի Էլբակեան յայտնեց, որ Տիգրան Առաքելեանին Քրէական օրէնսգիրքի երեք յօդուածներուն` խուլիկանութիւն, իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ ոչ վտանգաւոր եւ վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու յատկանիշներով մեղադրանք առաջադրուած է: Արտակ Կարապետեան կը մեղադրուի իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ ոչ վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու մէջ, իսկ Սարգիս եւ Վահագն Գէորգեանները` խուլիկանութեան:
Անոնց նկատմամբ քննչական մարմինը իբրեւ խափանման միջոց որոշած է կալանքը ընտրել:
CATEGORIES Հայկական