ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՅՈՒՇՈՒՄ, ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Անգարա կատարած վերջին այցելութեան եւ այնտեղ ընթացած բանակցութիւններուն հայկական հարցերուն վերաբերող բաժինը առաւելաբար յատկացուած էր Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններուն եւ նուազ չափով արցախեան տագնապին: Թրքական մամուլին կատարած «գաղտնազերծում»ներուն համաձայն, իբրեւ թէ ներթրքական հակասութիւն երեւցած էր Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու այսօրուան արգելակուած իրավիճակի մեկնաբանութիւններուն մէջ: Թրքական ընդդիմութիւնը զարմացած էր, թէ իշխանութիւնները իրեն վերագրած էին այդ յարաբերութիւններու բնականոնացումը արգելակած ըլլալու պատասխանատուութիւնը` աւելցնելով, որ իշխող կուսակցութիւնը խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունի եւ երբ որ ուզէ կրնայ վաւերացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները: Այս հակասութիւններու երեւումին շարժառիթները եղած էին նախարար Քլինթընի երկուստեք կատարած հարցապնդումներն ու ցուցաբերած աճապարանքը` բնականոնացնելու յարաբերութիւնները: Թրքական լրատուութիւններուն եւ մեկնաբանութիւններուն մէջ չէր նշուեր, որ արդեօք Քլինթըն ի՞նք եւս անտեղեակ էր, որ իշխող կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն է խորհրդարանին մէջ…

Անցնիք: Այժմ ռուսական «Ռեկնում»ն է, որ բացայայտում կը կատարէ պաշտօնական Անգարային հետ նախարար Քլինթընի ունեցած բանակցութիւններու բովանդակութեան մասին: Յստակօրէն կ՛ըսուի, որ Քլինթըն Թուրքիոյ յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան պարտական են Հայաստանին: Խօսքը ուղղակի Սեւրի դաշնագիրին եւ իրաւարար վճիռին մասին է: «Ռեկնում»ի մեկնաբանութեամբ, Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումէն եւ յարաբերութիւններու բնականոնացումէն ետք հողային փոխհատուցումներու խնդիրը պիտի դրուէր սեղանին: Տրապիզոնի վրայով դէպի Սեւ ծով ելք` Հայաստանին եւ փոխարէնը «Մեծն Ազրպէյճան»ի նոր սահմանագծում: Միշտ ըստ «Ռեկնում»ի, Հայաստանին կը տրուի կարելիութիւն նաւահանգիստի տարանցիկ միջանք ունենալու դէպի Սեւ ծով: Յստակ չէ, թէ ի՞նչ կը հասկցուի «Մեծն Ազրպէյճան» սահմանումով:

Նախքան յաւելեալ մեկնաբանութիւններու առաջնորդուիլը, յայտնենք, որ թուրք-ամերիկեան բանակցութիւններուն ընթացքին կատարուած այս յուշումներուն մասին բացայայտում կատարողը ռուսական գործակալութիւն մըն է: «Ռեկնում»ը, կարելի է ըսել, որ վաստակած է լուրջ տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնի հռչակ: Նկատելի է նաեւ, որ մինչ այժմ, «Ռեկնում»ի այս տեղեկատուութիւնը չէ հերքուած եթէ ոչ անպայման պաշտօնական Ուաշինկթընի մակարդակով, նոյնիսկ տեղւոյն դեսպանատան բանբերին ճամբով:

Նման տեղեկութեան մը վրայ ռուսական խոշորացոյց գործածելը ինքնին դուռ կը բանայ մեկնաբանութիւններու: Չհերքուիլը` իր կարգին: Հերքումին ուշացումը` կրկին: Պէտք է մտաբերել, որ շրջանին առնչուած նոր սահմանագծումներու եւ նախագիծերու քննարկումներու ծաւալումը կրնայ տեղ մը հիմնաւորիչ եւ համոզիչ գործօնի դեր ունենալ նման յուշումներու համար:

Ամերիկեան յուշումն ու ռուսական բացայայտումը աւելի եւս կը համոզեն նման նախագիծերու առկայութեան մասին: Աւելի եւս հասկնալի կը դառնան նաեւ մեր երկրի նախագահին կատարած այցելութիւնը` Ուիլսընի շիրիմին եւ ապա աննախադէպ յայտարարութիւնը` Սեւրի դաշնագիրին եւ իրաւարար վճիռին իրաւական եւ այժմէական նշանակութեան մասին: Աշխարհաքաղաքական կեդրոններու ուղղակի-անուղղակի յուշումները կարեւոր են այս պարագային եւ համապատասխան յայտարարութիւններուն հիմնական շարժառիթներուն վրայ կրնան լոյս սփռել:

Առաջադրուած նոր սահմանագծումները միայն Հայաստանին, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին չեն վերաբերիր անշուշտ: Քլինթընի յուշումն ալ իրաւարար վճիռով հայութեան վերադարձուելիք հողային ամբողջականութեան մասին չէ բնականաբար: Ընդամէնը դէպի Սեւ ծով տարանցիկ միջանք տրամադրուելու մասին է: Կարեւորը այն է, որ յղում կը կատարուի Սեւրին եւ Ուիլսընին: Իսկ Սեւրն ու Ուիլսընը եթէ իրաւական ելակէտ են, ապա միայն տարանցիկ միջանցքներուն մասին չեն:

Share this Article
CATEGORIES