ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԵՒ ՆԱԱՄԱԹ ԱՖՐԱՄ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐ ՀԻՄՆԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամը: Քննարկուեցաւ Ճարտարարուեստական կեդրոններու կազմակերպման խորհուրդի յառաջացման հարցը:
Խորհրդակցութեան աւարտին Աֆրամ «դրական եւ շատ լաւ» որակեց հանդիպումը` դիտել տալով, որ նախարար Սապունճեան, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը զօրավիգ են նման քայլի մը, որովհետեւ անիկա կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ ներառուած է:
CATEGORIES Լիբանանեան