ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ ՄԸ ՏԱԼՈՎ «ԱՅԼԱԶԱՆ ՊԱՏՐՈՒԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԱՐԳԵԼԱԿԵԼ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ՀՈՍԱՆՔ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՄԵՐ ՃԻԳԵՐԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԱՍԻԼ
Ուժանիւթի նախարար Ժպրան Պասիլ երէկ յիշեցուց, որ ելեկտրականութեան 700 մեկաուաթի ծրագիրը նախորդ կառավարութեան օրով` 2010-ի պիւտճէին մէջ ներառուած կէտերէն մէկն է:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարած իր յայտարարութեամբ, նախարար Պասիլ ընդգծեց, որ «յարուցուող այլազան պատրուակները կը ձգտին արգելակել եւ խափանել քաղաքացիներուն ելեկտրական հոսանք հայթայթելու մեր ճիգերը»:
CATEGORIES Լիբանանեան


