«ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՔԱՇՈՒԻԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ» ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՆԵՊԻԼ ՆԻՔՈԼԱ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա երէկ բուռն կերպով քննադատեց բոլոր անոնք, որոնք կ՛արգելակեն բարգաւաճման ձգտող ծրագիրներու կիրարկումը` սպառնալով, որ համախմբումի նախարարները կրնան կառավարութենէն քաշուիլ, եթէ այս մօտեցումը շարունակուի:
Նիքոլա խստիւ քննադատեց հակադիր կողմերը` զանոնք որակելով «ժողովուրդը կողոպտողներ»: Անոր ակնարկը կ՛երթար ելեկտրականութեան գծով ֆինանսաւորման առաջարկի մերժումին:
CATEGORIES Լիբանանեան