ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԼՈՐՏԵՐՈՒ ՏԱՆ ՆԻՍՏԻՆ

13-15 մարտ աշխատանքային այցով Լոնտոն պիտի գտնուի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են պատգամաւորներ Արման Սահակեան, Կարինէ Աճեմեան, Արայիկ Գրիգորեան, Կարէն Աւագեան եւ Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Գեղամ Ղարիպճանեանը:

Կը նախատեսուին հանդիպումներ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու տան նախագահ Ճոն Պերքոուի, Լորտերու տան նախագահ պարոնուհի Հելեն Հայմանի, Համայնքներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներու, խորհրդարանի Բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբի անդամներու, Միջխորհրդարանական միութեան բրիտանական խումբի ղեկավար Ռոպըրթ Վոլթրի հետ: Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Լորտերու տան լիագումար նիստին:

Share this Article
CATEGORIES