ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄՆԱՅՄՆԷԻ ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Նախարար Մնայմնէ եւ դեսպան Քոչարեան

10 մարտին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան հանդիպում ունեցաւ հրաժարեալ կառավարութեան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասան Մնայմնէի հետ: Քննարկուեցան կրթական մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն առնչուող խնդիրներ: Կարեւոր նկատուեցաւ կրթաթոշակներու տրամադրման, ուսանողներու փոխանակման, կրթական ծրագիրներու մէջ փոխադարձ աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ առաջարկներուն անդրադառնալու նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք:

11 մարտին դեսպան Քոչարեան հանդիպում ունեցաւ Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատի հետ: Նշուեցաւ Երեւան եւ Պէյրութ քոյր քաղաքներու համագործակցութեան ամրապնդման եւ գործընկերութեան հետագայ ընդլայնման կարեւորութիւնը: Որուագծուեցան համագործակցութեան հեռանկարային մարզերը: Ընդգծուեցաւ երկու երկիրներու մայրաքաղաքներու քաղաքապետերու եւ քաղաքապետարաններու պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Պիլալ Համատին փոխանցուեցաւ Երեւանի քաղաքապետին նամակը:

Ըստ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան, նոյն օրը դեսպան Քոչարեան այցելեց Հայկազեան համալսարան, ուր հանդիպում ունեցաւ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցաւ «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի դասախօսութեան, որ նուիրուած էր կառավարման մշակոյթին եւ յաջողութեան առանցքային գործօններուն:

Share this Article
CATEGORIES