ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ. «ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ Կ՛ԱՃԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ» Կ՛ԸՍԷ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ համար պատասխանատու ստորաբաժանման կառավարիչ-տնօրէն Միրոսլաւ Լայչաքի ու տնօրէն Կունար Վիկանտի միջեւ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շրջանային անվտանգութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերող հարցեր:
Սէյրան Օհանեան անթոյլատրելի նկատեց 5 մարտին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւններէն ետք շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ արձակուող անկանոն կրակոցները: Նախարարը նշեց, որ Ազրպէյճանի անպատասխանատու յայտարարութիւններուն եւ շահարկումներուն իբրեւ արդիւնք հրահրուած միջադէպերուն պատճառով զոհերուն թիւը կ՛աճի:
Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարները չափազանց կարեւոր նկատեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործնական աջակցութիւն ցուցաբերելու` փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի բարելաւման ուղղութեամբ: