ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԸ ՈՐՊԷՍ ՏԻՊԱՐ ՄԱՅՐ

Համայն տիեզերքին մէջ իւրաքանչիւր էութիւն կամ գոյութիւն կը բացատրուի երկու արմատական տարրերով: Ասոնցմով է որ կեանքը կը շարունակուի, կը հարստանայ եւ աշխարհի կենսունակութեան կը նպաստէ: Այս երկու հիմնական տարրերը, ըլլալով արական եւ իգական, իրենց նպաստը կը բերեն ո՛չ միայն մարդկութեան կեանքին մէջ, այլ` բոլոր ապրող կենդանի գոյութիւններուն մէջ:

Խօսելով մարդկային ծնունդի մասին եւ մեկնելով աստուածաշնչական տուեալներէ` պիտի տեսնենք, որ Աստուած իր ստեղծագործութիւնը կատարելագործելու եւ անոր շարունակութիւնը  ապահովելու համար ստեղծեց նաեւ կինը, որ արգասաբերութեան եւ գոյացական շարունակականութեան տիտանը հանդիսացաւ: Իրմէ էր, որ ծնան նահապետներ, մարգարէներ, թագաւորներ եւ մինչեւ իսկ Աստուած իր մէջէն մարդեղացաւ. ահաւասիկ այստեղ է կնոջ արժէքը, երբ ժողովուրդի առաջնորդութեան, ծառայութեան եւ այս աշխարհի բարօրութեան համար զաւակներ կը ծնի:

Պատմութեան զարգացումը, աւելի ճիշդ` կեանքի զարգացման պատմութիւնը եթէ ուզենք սերտել, անպայմանօրէն պէտք է անդրադառնանք կնոջ ունեցած անփոխարինելի պատմական դերակատարութեան: Արդէն իսկ պատմութեան գաղափարը ծնունդ պիտի չառնէր, եթէ գոյութիւն չունենար կին անհատը: Եթէ դարձեալ ակնարկ նետենք Աստուածաշունչ մատեանին, թէ կինը պատճառ կը դառնայ կեանքի ներդաշնակութեան մէջ, թեթեւ շեղումին: Սակայն այս մէկը եւս իր կարգին, պատճառ հանդիսացաւ այլ գեղեցիկ ու կատարեալ ներդաշնակութեան ստեղծումին: Կինը ծնաւ նոր կեանք մը, այլ խօսքով, պատճառ դարձաւ աւելի նիւթեղինացած, սակայն կատարեալ եւ անվախճան կեանքի կերպի մը:

Ահաւասիկ այսպիսի կեանք մը ծնունդ տուաւ մեր բոլորին ծանօթ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը: Երբ պահ մը փորձենք զայն տիպարի դիտանկիւնէն դիտել, պիտի նշմարենք, թէ Աստուածամօր արգանդէն ծնած Աստուածորդին քրիստոնեայ նոր կեանքի մը սկիզբը պիտի հանդիսանար, մարդ արարածը խաւարէն դէպի լոյս տանող ճանապարհը պիտի ըլլար եւ խաչին վրայ Իր անմեղ արիւնով իւրաքանչիւրիս մեղքերուն փրկագինը պիտի վճարէր: Այն կեանքը, որ սկսած էր առաջին մօր ստեղծումով, իր աստուածային կատարելութիւնը վերագտաւ դարձեալ մօր մը կողմէ:

Հայ եկեղեցւոյ հայրերու գրութեան մէջ յաճախ Ս. Աստուածածինը  նկատուած է որպէս բարեխօս, ա՛յն ոսկեայ սափորը, որուն մէջ հանգչած է Կենաց Հացը, եւ այն Տապանակ Ուխտին, որ իր մէջ կ՛ընկալէ Աստուծոյ Միածին Որդին: Սակայն այս կոչումներուն գլուխը կը կանգնի Ս. Աստուածածինին մայրութեան բնորոշումը, որ ոչ միայն ընդունուած է յատուկ եկեղեցւոյ մը կողմէ, այլ Տիեզերական եկեղեցւոյ հայրերու կողմէ ընդունուած ու ճանչցուած է:

Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր մայրութիւնը այսօր չենք կրնար բաղդատել որեւէ այլ տեսակի մայրութեան հետ: Անոր մայրութիւնը օժտուած էր գերբնական երեւոյթներով. իր ունեցած տիպար վարքին պատճառով, պատիւը ունեցաւ Աստուծոյ մայր դառնալու: Մարիամ Աստուածածինին մայրութիւնը  նշող բազմաթիւ  յատկանիշներու մասին կարելի է խօսիլ: Սակայն գրութիւնը չընդարձակելու համար կարելի է պարզապէս շեշտել երկու հիմնական յատկանիշեր.-

ա.- Հնազանդութիւն.- Հնազանդութիւն` ոչ թէ մարդկային պատուէրներու, այլ` աստուածային այն բարձր կոչին, որուն անսալով` ան Աստուծոյ օրհնութիւնը վայելեց եւ իր կարգին այդ օրհնութիւնը փոխանցեց բոլոր մայրերուն: Մարիամ Աստուածածին, թէեւ անչափահաս, հնազանդեցաւ աստուածային պատուէրին եւ երկունքի ցաւերուն մէջ իսկ օրհնելով իրեն եղած պատիւը` աշխարհ բերաւ համբերութեան աղբիւր հանդիսացող Յիսուս մանուկը: Ս. Կոյս Մարիամ հնազանդելով աստուածային պատուէրին` յանձն առաւ դաստիարակել Յիսուս մանուկը եւ անոր աճին ու զարգացման նպաստել:

բ.- Համբերութիւն.- Մարիամ Աստուածածինի մայրութեան յատկանշական երեւոյթներէն մէկն էր անոր ցուցաբերած կատարեալ համբերութիւնը: Համբերութիւն` իր որդիին  անարդար դատապարտութեան եւ մահուան խաչին վրայ զենման: Ս. Մարիամ գիտնալով հանդերձ իր որդւոյն երկրաւոր կեանքի անարդար վախճանը, բնաւ չփորձեց աստուածային փրկագործական ծրագիրին դէմ կանգնիլ եւ պահանջել իր որդիէն, որ Իր ամենազօր կարողութեամբ լուծէ իր կապանքը, ազատի խաչին վրայ ունենալիք անարգ մահէն եւ մնայ իր մօր գուրգուրանքին ու խնամքին ներքեւ, այլ հետեւեցաւ Քրիստոսի քայլերուն եւ քալեց Անոր հետ մինչեւ Գողգոթա եւ փառաբանեց Քրիստոսի զոհողութիւնը` ի խնդիր մեղաւոր մարդուն փրկութեան:

Մարիամ Աստուածամօր համբերութեան ոգին նաեւ ցոլաց հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւս, երբ հայ մայրը նոյն վերաբերումը ունեցաւ, երբ իր աչքերով տեսաւ իր իսկ ծնած եւ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ դաստիարակած զաւակին նահատակութիւնը` ի խնդիր քրիստոնէական հաւատքին ու փրկութեան:

Սիրելի՛ մայրեր, մայրութիւնը իւրայատուկ զգացում է, որ իւրաքանչիւր ազգ իր մշակոյթով ու աւանդութիւններով կ’արժեւորէ ու կը փառաբանէ զայն: Մենք` որպէս հայ ժողովուրդ, մօր հանդէպ մեր ունեցած յարգանքն ու գուրգուրանքը կը գերադասենք մեր ազգային արժանիքներուն մէջ, որովհետեւ հայ մայրն է, որ ծնաւ հա՛յ սուրբերը, հայ մայրն է որ լիցքաւորեց հայ նահատակներու հայրենասէր ապրումները եւ, ի վերջոյ, հայ մայրն է, որ վերածնաւ կիզիչ անապատներուն աւազներուն տակ թաղուած հայ ժողովուրդը: Այսօր հայ մայրը, Աստուածամօր պատկերը իր վրայ ունենալով, կոչուած է դառնալու հայ ընտանիքին սրբազան սիւնը. հայ մօր ջամբած դաստիարակութեամբ ու հաւատքով պիտի աճի հայ մանուկը` դառնալու համար վաղուան առաջնորդը, հայ ժողովուրդի հաւատքին ու հայրենիքին, հայ մօրմէն ստացած ըլլալով վասն հաւատքի եւ վասն հայրենեաց նահատակուելու հերոսական ոգին: Մեծ է դերը հայ մօր` հայութեան գոյատեւման ու Հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան մէջ:

Թող Աստուածամօր օրհնութիւնն ու ոգին ցօղայ իւրաքանչիւր հայ մօր վրայ, որպէսզի անոր մէջ վերապրի դարերէն եկող նուիրական մօր պատկերը:

ՇՆՈՐՀՔ ԱԲՂ. ԱՇԸԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES