ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՀԱՅԱԴՐՈՇՄ ԴԱՐԵՐՈՒ «ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ»Ի ՓԱՍՏԵՐԷՆ…
Սիրելի՛ ընթերցող, ի՜նչ լաւ է, որ տակաւին կը յածինք «Ս. Աստուածածնայ տօնի նուիրուած աղօթքի ամիս»ին հոգենորոգ մթնոլորտին մէջ (տես «Ազդակ», բշ., 8 օգոստոս 2011, էջ 5գ-ե):
Սկզբնաւորեալ այս նորագեղ յայտագրին յուլիս 27-ի երկրորդ աղօթաժամին քարոզանիւթն էր. «Աստուածածինը Հայ եկեղեցւոյ շարականներուն մէջ» («Ազդակ», շբ., 23 յուլիս 2011, էջ 10ե):
Կիրակի, Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տաղաւար տօնին, 31 յուլիս 2011-ին, Զմմառի Վերափոխեալ Տիրամօր սրբաշէն հայավանքին շրջափակին մէջ տեղի ունեցած եպիսկոպոսական օծումէն ետք, երբ Պարթեւ վրդ. Կիւլիմեանին հարցուցի, թէ` «լաւ խօսեցա՞ր Մարիամ Սիրամօր մասին…», ժպտերես ու ցնծաձայն հայր սուրբը անմիջապէս տուաւ այս դիպուկ պատասխանը. «Վարդապե՛տ, կարելի՞ բան է, որ հայ հոգեւորական մը լաւ չխօսի Տիրամօր մասին…»:
Այո՛, անկարելի բան է այդ, մանաւանդ երբ մարեմեան սիրանիւթն է, ընդհանրապէս, եւ վերոյիշեալ դասախօսական քարոզանիւթն է` յատկապէս:
– Երանի՜, եթէ ներկայիս բոլոր սքեմակիրներն ունենային այս հայավայել համոզումը, եւ մենք կ՛ունենայինք աւելի լաւ որակ ու աւելի բարձր մակարդակ, եւ այն` միշտ ի նպաստ մեր ժողովուրդին հոգեմտաւոր զարգացումին ու մեր հայրենիքին աննահանջ վերելքին…
Հարցում-պատասխանին դրուագը լսելէն ետք, այնճարցի երիտասարդ մը հարցուց ինքնաբերաբար. «Ինչո՞ւ համար կարելի բան չէ…»:
Որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս, Աստուածամա՛րդը, ընտրեց Մարիամը «բնակարան» իր մարդեղութեան, հռչակեց իր Երկնաւոր Հօր կամքը կատարող Աղախինը եւ սիրեց իր Մայրը, որուն զօդեց մեզ «մայր-որդի» սիրայօդ կապով (Յվհ. 19, 25-27):
Որովհետեւ Մարիամի աստուածաշնչական դերը եւ գործունէութիւնն անբաժանելիօրէն մաս կազմեցին Յիսուսի փրկագործական առաքելութեան:
Որովհետեւ քրիստոսակիր Կուսամայրը իր Եղիսաբէթ ազգականին տուած այցելութեան ընթացքին նախատեսեց գալիք դարերու եւ սերունդներու գովերգութիւնները բազմալեզուեան:
Որովհետեւ մարդկային փառաբանութիւններէն առաջ արդէն սկսած էին հրեշտակային օրհներգութիւնն ու սուրբգրային ներբողանքը:
Որովհետեւ քրիստոնէական հաւատքին մեր Հայրը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ այսպէս մեծարեց ու քարոզեց «Հայոց խնկելի Աստուածածին»ը:
Որովհետեւ մեր բոլոր սուրբերն ու սրբակեացները հետեւեցան հայոց առաջին կաթողիկոսին` յարգելով եւ հռչակելով իրենց գորովագութ Մայրը եւ գերհզօր Տիրուհին:
Որովհետեւ մեր բոլոր նահատակներն ու մարտիրոսները, «հին եւ նոր վկաները», յիսուսապաշտ ըլլալով` էին նաեւ մարեմասէր հայ քրիստոնեաներ:
Որովհետեւ անցեալի ու ներկայի հայ եկեղեցիներու եւ վանքերու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մակագրուած է Աստուածամօր. անոնք կը կրեն այս մարեմական տիտղոսը կամ այն մարեմագով մակդիրը հայահունչ:
Որովհետեւ անգիր կանոնի մը վերածուած հինաւուրց աւանդութեամբ, անցեալի ու ներկայի հայ եկեղեցիներու եւ վանքերու աւագ խորաններէն ժամուորներուն կը ժպտի քրիստոսակիր Տիրամօր սրբանկարը:
Որովհետեւ մեր մատենագրութեան մէջ բազմաթիւ են շարականները, գանձերը, մեղեդիները, ներբողներն ու քարոզները Աստուածածնի հասցէին:
Որովհետեւ միջազգային մատենագրութեան մէջ գրական, սիրերգային եւ աստուածաբանական գոհարներ կը նկատուին հայագեղ «Մեծացուսցէ»ները մարեմախանդ:
Որովհետեւ Աստուածամայրը չքնաղատես Գեղուհին է հայ մանրանկարչութեան, հայ քանդակագործութեան ու հայ գեղարուեստին:
Որովհետեւ հայավարի դիւցազներգութեան, հերոսավէպին, աւանդապատումին, բարքուվարքին եւ ազգագրութեան մէջ գերազանցապէս առկայ է Տիրամայրը:
Որովհետեւ անցեալի ու ներկայի աշխարհական հայ քրիստոնեայ բանաստեղծներէն համարեա չկայ մէկը, որ քառեակ, քերթուած կամ գեղօն մը ձօնած չըլլայ Սիրամօր:
Որովհետեւ «Աստուածածին» նորադարձ հայութեան կառուցած առաջին կաթողիկէին Կուսամայրը կը սիրէ մեր ժողովուրդը, որուն համազգային սուրբը` Գրիգոր Նարեկացի կը հայցէ Մարիամ Ս. Կոյսէն` «Աստուծմէ Մեծարեալ»էն.
«Փառաւորէ՛ Քու Որդիդ Քեզմով,
Որ աստուածօրէն ինծի հրաշագործէ
քաւութիւն եւ ողորմութիւն,
Աստուծոյ Աղախի՜ն եւ Մա՜յր:
Բարձրանա՜յ պատիւդ ինձմով,
Եւ տեսնուի՜ փրկութիւնս Քեզմով» (Նարեկ, Բան Ձ):
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 8 օգոստոս 2011

