ՎԵՑ ԱՐԳԵԼԱՓԱԿԵԱԼՆԵՐ ՓԱԽՈՒՍՏ ԿՈՒ ՏԱՆ ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԷՆ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ 6 արգելափակեալներ շաբաթ օր կրցած են փախուստ տալ Ռումիէի բանտէն:
Հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ խուզարկութիւններ պիտի կատարէ` աւելցնելով, որ բանակը հիւսիսի մէջ կրցած է ձերբակալել Միտհաթ Հասան Խալիլ Ահմետը, որ մաւրիտանիացի է:
Իր կարգին, ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նկատել տրուեցաւ, որ շաբաթ օր կէսօրուան ժամը 12:00-ին 6 արգելափակեալներ կրցած են իրենց յատուկ արգելարաններուն պատուհաններէն դուրս նետել իրենց անկողիններուն սաւանները եւ հասնիլ բանտին շրջափակը, ուր անոնք խառնուած են բանտի այցելուներուն եւ կրցած անոնց մէջ ծպտուած փախուստ տալ:
Ներքին ապահովութեան ուժերը յայտարարեցին նաեւ փախուստ տուած արգելափակեալներուն անուններն ու լուսանկարները: Անոնք են.
Ապտալլա Սաատէտտին Շըքրի (Ծնեալ` 1984-ին, սուրիացի), Ապտել Ազիզ Ահմետ Մասրի (Ծնեալ` 1985-ին, սուրիացի), Մոհամետ Ապտալլա Նասեր Ապտել Տոսարի (Ծնեալ` 1973-ին, քուէյթցի), Ապտել Նասեր Սայիտ Սանժար (Ծնեալ` 1971-ին, լիբանանցի) եւ Ուալիտ Իսամ Լապապիտի (Ծնեալ` 1980-ին, լիբանանցի):
Միւս կողմէ, զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ Սաքըր Սաքըր Ռումիէի մէջ ամբողջ գիշերուան ընթացքին իր կատարած հարցաքննութիւններէն ետք հրահանգեց երկու սպաներ եւ 9 բանտապահներ կալանքի տակ առնել:
Նշենք, որ փախուստ տուած արգելափակեալներու հարցին քննարկումը պիտի շարունակուի:


