50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (15 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԳԱՀԻՐԷԻ «ԻՄԱԺ»ԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՅՕԴՈՒԱԾԸ
ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ԵՒ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Գահիրէի «Իմաժ» շաբաթաթերթը իր 5 օգոստոսի թիւին մէջ հրատարակած է յօդուած մը` Սողոմոն Թեհլիրեանի մասին, Այխմանի դատավարութեան առնչութեամբ: Յօդուածին հեղինակն է Կապրիէլ Պոքթոր, որ կը գրէ ի մէջ այլոց.

«Մ. Նահանգներ այցելութեանս ընթացքին պատեհութիւնը ունեցայ ճանչնալու հայերու արդարութեան գործադրիչ Սողոմոն Թեհլիրեանի այրին: Թեհլիրեան մեռաւ 54 տարեկանին, Սան Ֆրանսիսքոյի համալսարանի հիւանդանոցին մէջ եւ թաղուեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ, մարմարիոնէ պարզ շիրիմի մը տակ, քաղաքին հայկական «Արարատ» գերեզմանատան մէջ:

«Շուտով հանգանակութիւն մը բացուեցաւ Ամերիկայի հայերուն մէջ` նախաձեռնութեամբ ճաշարանատէր եւ գործարար Ճորճ Մարտիկեանի, որ բոլորին ծանօթ է Եգիպտոսի մէջ, ուր երկու անգամ ընդունուեցաւ նախագահ Ապտել Նասըրի կողմէ: Նախագահը անոր բարձր պատուանշան մը շնորհեց Մ. Նահանգներու մէջ արաբներու ի նպաստ անոր գործունէութեան համար: Ինք` Մարտիկեան մեծ գումար մը նուիրեց Քալիֆորնիոյ մէջ հայ ժողովուրդի այս մեծ հերոսին` Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակին յուշարձան մը կանգնելու համար:

«Այն պահուն, երբ Այխմանի դատավարութիւնը ահագին մելան հոսեցնել կու տայ, հետաքրքրական է վեր առնել յիշատակը հայ ժողովուրդի վրիժառուին, որ ահաբեկեց Թուրքիոյ ներքին գործոց նախկին նախարար Թալէաթ փաշան, ան, որ ամբաստանուած էր, թէ ջարդել տուած է 600 հազար հայեր»:

Ապա յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ Թալէաթի ահաբեկումի մանրամասնութեանց:

Յօդուածին կցուած են երկու լուսանկարներ, որոնցմէ առաջինը կը ներկայացնէ Ճորճ Մարտիկեանը` իր գրասենեակին մէջ, ուր կ՛երեւի նախագահ Նասըրի նկարը: Երկրորդ նկարը կը ներկայացնէ Սողոմոն Թեհլիրեանը:

ԵՐԵՒԱՆԻ ԲԱԶՄԱՐՈՒԵՍՏԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
ՔԱՐԼ ՄԱՐՔՍԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

Ունի հետեւեալ բաժանումները.-

Շինարարական.- Արդիւնաբերութիւն եւ շինարարութիւն, գետային կառուցումներ, ջրաելեկտրակայաններ, կոյուղի, ճարտարապետութիւն:

Քիմիական.- Արուեստական ձգախէժ, հանածոներ:

Ելեկտրական.- Արդիւնաբերական ելեկտրականութիւն, ելեկտրական մեքենաներ, ելեկտրական մեկուսիչներ:

Մեքենական.- Հաշուիչ մեքենաներ, ելեկտրոնային սարքեր:

Այս բաժանումները ունին իրենց մասնաճիւղերը` Լենինականի եւ Կիրովականի մէջ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱՐԿ ԱԲՈՎԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

Այս բարձրագոյն ուսումնարանը կ՛ընդունուին 17-35 տարեկան քաղաքացիները` մտից քննութիւն տալով հետեւեալ առարկաներու մասին. ուսողութիւն, գծագրութիւն, բնագիտութիւն, մեքենագիտութիւն, հայոց լեզու (գրաւոր) օտար լեզու (բանաւոր):

Ուսումնարանը ունի քիմիագիտութեան, նկարչութեան, բնագիտութեան, գիւղատնտեսութեան բաժանմունքներ:

«ՅԱՌԱՋԴԻՄԱՍԷՐ»Ի ՔԵՐՄԵՍԸ
ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ ՄԷՋ

Անցած կիրակի, 6 օգոստոսին, Աղեքսանդրիոյ «Յառաջդիմասէր»ի օդասուն եւ լուսազարդուած պարտէզին մէջ տեղի ունեցած է «Յառաջդիմասէր»ի տարեկան մեծ քերմեսը, որ նուիրուած էր կարօտ ուսանողներուն բարոյապէս եւ նիւթապէս օժանդակելու գեղեցիկ գործին:

Քերմեսը փայլուն յաջողութեամբ պսակուած է: Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի հայրենակիցները խուռներամ բազմութեամբ հաւաքուած են հայ ուսանողին օգնելու նուիրական գործին: Հայկական ջերմ ու տոհմիկ մթնոլորտի մը մէջ եւ խանդավառութեամբ շարունակուած է քերմեսը մինչեւ վերջ:

Բացման խօսքը ըրած է Գ. Գաւուգճեան եւ շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն, որոնք պատասխանած են «Յառաջդիմասէր» մշակութային միութեան կոչին:

Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, եւ պարահանդէսը շարունակուած է մինչեւ առաւօտեան ժամերը:

ԱՇԽԱՐՀԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ
2,907,000,000

ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐ, 14 (ԱՖՓ).- «1960-ի ազգագրական տարեգիրքը», որ հրատարակուեցաւ Միացեալ ազգերուն կողմէ, կը յայտնէ, թէ 1959-ի կէսերուն աշխարհի բնակչութիւնը կը հասնէր 2,907,000,000-ի, այսինքն 412 միլիոնի յաւելում մը` 1950-ի կէսերուն կատարուած հաշիւներուն բաղդատմամբ:

Համաշխարհային բնակչութեան ընդհանուր թիւին վրայ, առնուազն կէսը կ՛ապրի ամէնէն բազմամարդ չորս երկիրներուն մէջ` Չինաստան, Հնդկաստան, Խորհրդային Միութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ: Այս երկիրներու բնակչութեան թիւը կը հասնի 1,459,800,000-ի:

Համաշխարհային բնակչութիւնը` ըստ ցամաքամասերուն.

Ափրիկէ 246,700,000
Հիւսիսային Ամերիկա 259,673,000
Հարաւային Ամերիկա 135,995,000
Ասիա 1,612,317,000
Եւրոպա 421,290,000
Ովկիանիա 15,359,000
Խորհրդային Միութիւն 210,500,000

Համաշխարհային բնակչութեան աճման տեսակէտ, 1950-1959, սակերը եղած են հետեւեալը ամէնէն բազմամարդ չորս երկիրներուն մէջ.

Չինաստան 1,2-2,3 առ հարիւր
Միացեալ Նահանգներ 1,7-1,8 առ հարիւր
Հնդկաստան 1,5-1,7 առ հարիւր
Խորհրդային Միութիւն 1,7-1,8 առ հարիւր

Share this Article
CATEGORIES