«ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՄԵՐ ԳՈՐԾԵԼԱՈՃԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ՍԿՍԻՆՔ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ երկրին մէջ բարեկարգումներու գործադրութեան սկսիլը` վարչական մարզերուն եւ ընտրական օրէնքներուն պարագային, պէտք է առաջնահերթութիւն դառնայ եւ պահպանէ երկրին սահմանադրական օրինականութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել նաեւ երկրին ժողովրդավարական գործելաոճը, ինչպէս նաեւ առիթ տալ երկրին մէջ կիրարկելու ապակեդրոնացեալ դրութիւնը:
Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցին մէջ Տէյր Քամարի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու եւ Ալէյի թաղապետերու մէկ պատուիրակութեան հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ նման բարեկարգումներ իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան վրայ:
CATEGORIES Լիբանանեան


