50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԳՈՀ ԵՆ ՎԱԶԳԷՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
Պոլսոյ թրքական թերթերը իրենց 11 օգոստոսի թիւին մէջ Երեւանէն ստացուած հետեւեալ հեռագիրը հրատարակած են գոհունակութեամբ.-
Աշխարհի հայերու կրօնապետը Վազգէն Ա., որ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Խաչատուրեանի յուղարկաւորութեան առիթով Թուրքիա գացած էր, երկարօրէն խօսեցաւ Երեւանի ձայնասփիւռէն` խօսքը ուղղելով աշխարհի հայոց:
Հայրապետը ի մէջ այլոց հետեւեալը ըսաւ.
– Յուղարկաւորութեան հանդիսութեան ընթացքին թրքական կառավարական իշխանութիւնները յարգանքի ցոյցեր կատարեցին, Պոլսոյ կուսակալը պետութեան նախագահի իբրեւ ներկայացուցիչը` ներկայ եղաւ հանդիսութեան: Մենք շատ գոհացուցիչ գտանք Պոլսոյ հայերուն կրօնական կեանքը: Մեծ հաճոյքով տեսանք, թէ թուրք կառավարական իշխանութիւնները շահագրգռութիւն եւ բարի կամեցողութիւն ցոյց կու տան հայ եկեղեցիին հանդէպ:
Հայրապետը շարունակելով` պատմեց նախագահ Կիւրսելի հետ իր ունեցած տեսակցութեան տպաւորութիւնները եւ դրուատեց Կիւրսելը:
ԼՈՒՐԵՐ ՊՐԱԶԻԼԷՆ
Մաքս Պարոնեան Պրազիլէն կը գրէ.-
Վերջերս Արժանթինէն քաղաքս ժամանեց յայտնի հայ երգիչը, որ համերգ մը տուաւ Մարաշա Սինէին մէջ, այս համերգին համար արդէն տոմսերը օրէն առաջ սպառած էին, որովհետեւ Արմէն Կիրակ ծանօթ է հայ գաղութին: Շատ յաջող անցաւ երգահանդէսը, եւ բազմաթիւ անգամ բեմ հրաւիրուեցաւ հայ երգիչը:
– Այս շաբաթ Պրազիլի երեսփոխանական ժողովի անդամ Գարլոս Խրլաքեան վերադարձաւ խորհրդային երկիրներէն, ուր հրաւիրուած էր: Խրլաքեան այցելած է Հայաստան եւ խորհրդային այլ երկիրներ, ուր ընդունուած է Խրուշչեւի, Ա. Միկոյեանի եւ մարաջախտ Բաղրամեանի, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ:
– Յունիս 25-ին Ս. Փաւլոյի հայ գաղութը դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր սիրուած քահանան` Եզնիկ Վարդանեանը, որ գրեթէ առաջին գաղթող հայերէն եղած է: Սան Փաւլոյի մէջ երկար տարիներ ծառայած է հայ եկեղեցին:
– Պրազիլի կառավարութիւնը հրաւիրած է զանազան երկիրներէ յայտնի մարզանքի ուսուցիչներ եւ ախոյեաններ, որոնց մէջ կայ նաեւ խորհրդային երկիրներէն ծանօթ օղակաւոր մարզաձեւի ախոյեան Հրանդ Շահինեան: Ուսուցիչները արդէն «Սփորթ աքատեմի»ի մէջ սկսած են մարզել եւ ցոյց տալ իրենց թեքնիքը:
Հ. Շահինեանին ծանօթ էի Հելսինքիի ողիմպիականէն, ուր 1959-ին ախոյեան հանդիսացած էր:
ՄԱՀ ԾԱՆՕԹ ԵԹՈՎՊԱՀԱՅԻ ՄԸ
ԿԱՅՍՐՆ ՈՒ ԿԱՅՍՐՈՒՀԻՆ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ
Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթին մէջ կը կարդանք.-
Եթովպահայութիւնը կորսնցուց իր հին եւ ազնիւ անդամներէն մին` Գրիգոր Տարագճեանը` եղբայրը եթովպահայ ծանօթ գործարանատէր եւ ազգային յայտնի դէմք Մարտիրոս Տարագճեանի:
Յուլիս 1-ի գիշերը, սրտի երկարատեւ եւ անբուժելի հիւանդութենէ մը ետք, կանխահաս մահով ան հրաժեշտ տուաւ` դառն սուգի մատնելով իր ընտանեկան պարագաները եւ զինք ճանչցողները: Իր հեզամահբոյր եւ շէնշող բնաւորութեամբ ան նուաճած էր բոլորին` հաւասարապէս հայուն եւ եթովպիացիին համակրանքը: Այս իսկ պատճառով իր յուղարկաւորութեան ներկայ եղան խուռն բազմութեան մը հետ նաեւ եթովպիացի յայտնի անձնաւորութիւններ եւ նախարարներ: Արարողութիւնը կատարեցին եթովպիական Աստուածաբանական քոլեճի տնօրէն Դերենիկ եպս. Փոլատեան եւ եթովպահայութեան հոգեւոր հովիւ Վազգէն աղբ. Քէշիշեան:
Թաղումին յաջորդ օրը կայսրն ու կայսրուհին իրենց մասնաւոր ներկայացուցիչը ղրկեցին Մ. Տարագճեանի տունը` կայսերական ընտանիքին ցաւակցութիւնները փոխանցելու համար: Իսկ գահաժառանգ իշխանը եւ իշխանուհին անձամբ եկան իրենց ցաւը յայտնելու:
ԱԼԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ
Ամերիկահայ յայտնի երգահան Ալան Յովհաննէսի «Արարատ» սիմֆոնի թիւ 14-ը նուագուած է Լոնտոնի մէջ, յուլիս 15-ին, Թեմզ գետին վրայ նաւու մը մէջ, եւ գետի երկու ափերուն հազարաւոր ունկնդիրներ լսած են: Համանուագը մեծ յաջողութիւն գտած է: