ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՍՈՒՐՄԱԼՈՒ ԳԱՒԱՌԸ

Արարատեան նահանգին գլխաւոր գաւառներէն է Սուրմալուն, պատմական Մասեացոտնը` իր պատմական Սուրմարի եւ Ցոլակերտ բերդաքաղաքներով: Իգդիր շրջանին գլխաւոր քաղաքն էր, Կողբ նշանաւոր է իր աղահանքերով, իսկ Ակոռի եպիսկոպոսանիստ եղած է:

ՍՈՒՐՄԱԼՈՒ ԳԱՒԱՌԸ

Սուրմալուի դաշտը

Սուրմալու գաւառը կ՛ընդգրկէ պատմական Մասեացոտն գաւառը: Լայնատարած դաշտավայր մը, որ Արարատեան դաշտին շարունակութիւնն է, տարածուած` Մեծ եւ Փոքր Մասիսներուն հիւսիսային եւ արեւելեան կողմերը: Արեւմտեան կողմը Ճակատք գաւառն է, հարաւ-արեւելքը` Արտազ, հարաւ-արեւմտեան կողմէն Հայկական լեռնապարով բաժնուած է Կոգովիտ գաւառէն, իսկ հիւսիսէն եւ արեւելքէն Արաքս գետով սահմանակից է Արագածոտն, Կոտայք, Ոստան Հայոց եւ Շարուր գաւառներուն:

 

Սուրմալուի դաշտը, 2800 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ, միջին 900-էն 1100 մեթր բարձրութիւն ունի: Արաքսի ափերէն սկսելով հարթութիւնը աստիճանաբար կը ցածնայ դէպի լեռներու ստորոտները, դէպի Մասիս եւ Բարթողեան լեռնաշղթան: Մեծ Մասիս կը բարձրանայ հարաւ-արեւելեան կողմը, ինչպէս անդունդի մը մէջէն ցցուող բարձրութիւն, իսկ Փոքր Մասիս կարգ մը տեղերէ միայն կ՛երեւի: Ամբողջ հորիզոնը հոգեզմայլ տեսարան մը կը պարզէ, մանաւանդ երեկոյեան վերջալոյսին: Դէպի հիւսիս, կապտաւուն մշուշի մէջէն կ՛երեւի լայնանիստ Արագածը, դէպի հիւսիս-արեւելք` Արայի լեռը եւ Գեղամայ սարերը: Արարատեան անծայրածիր դաշտը կը տարածուի մինչեւ Շիրակ: Արեւելեան կողմը դաշտը կը սեղմուի Փոքր Մասիսի եւ Գառնիի լեռներուն միջեւ:

Սուրմալուի հողը ընդհանրապէս սեւ է եւ բարեբեր. կան ընդարձակ տարածութեամբ աղուտներ: Բուսականութիւնը կիսաանապատային է. տարածուած են չոր թփուտները, իսկ ջուրերու ափերուն եւ ճախճախուտներուն մէջ կան եղէգնուտներ:

Սուրմալուի գետակներէն Սեւ ջուր կը բխի Մասիսի հիւսիսային ստորոտէն. Տամբար կը բխի Մասիսի լանջերէն, իսկ Գի սկիզբ կ՛առնէ Մասիսի ձիւնոտ լանջերէն եւ Սուրբ Յակոբայ աղբիւրէն: Երեք գետակներն ալ կը միախառնուին Արաքսի:

Կլիման չոր ցամաքային է. ձմեռը` երկարատեւ, ցուրտ եւ ձիւնոտ, եւ միջին ջերմաստիճանը` զերոյէն վար 4-էն 6 կ՛ըլլայ: Ամառը տաք է, միջին 24-էն 26 աստիճան: Գարունը հաճելի է, մեղմ, իսկ աշունը ընդհանրապէս տաք կ՛ըլլայ: Տարեկան տեղումները` 200-էն 350 միլլիմեթր են:

Սուրմալու անցեալին հռչակաւոր էր որդան կարմիր ներկով, հարուստ բուսականութեամբ եւ բազմատեսակ վայրի հաւերով ու կենդանիներով: Մասեացոտն արքունի տիրոյթ էր եւ թագաւորական որսատեղի:

Երկրագործականօրէն հարուստ, բերրի եւ պտղառատ գաւառ, Սուրմալու կ՛արտադրէ խնձոր, խաղող, տանձ, կեռաս, ծիրան, դեղձ, թութ, սալոր, նուշ, նուռ եւ ընկոյզ: Զարգացած է բանջարաբուծութիւնը եւ բամպակի մշակութիւնը:

ՍՈՒՐՄԱՐԻ

Սուրմարի կամ Սուրբ Մարի պատմական բերդաքաղաք եղած է. կը գտնուի Արաքսի ափին, Իգդիրէն դէպի Կողբ երկարող ճամբուն վրայ եւ կ՛ենթադրուի որ անոր անունով գաւառը կոչուած է Սուրմալու: Տեղական աւանդութիւն մըն ալ կ՛ըսէ, որ Սուրմալուի բուն անունը Սհաթափոս է, որ կազմուած է սհաթ (ժամ) եւ փոս բառերէն, սհաթ` որովհետեւ շրջանը իւրաքանչիւր ժամ տեսակ մը եղանակ կ՛ունենայ, իսկ փոս` իբրեւ խոր հարթավայր:

Սուրմարի պարսպապատ եղած է, աշտարակներով եւ մետաղեայ դարպասներով ամրացուած.  նաեւ` հիւսիսային կողմէն պաշտպանուած էր Արաքս գետով, իսկ միւս կողմերէն` խոր անդունդներով: Գլխաւոր դարպասը գետի կողմէն կը տանէր դէպի դղեակը, որ իր կարգին բարձր պարիսպներով եւ աշտարակներով ամրացուած էր: Բերդին շինութիւնը աւանդաբար կը վերագրուի Բագրատունիներուն. հաւանաբար անոնք վերանորոգած են հին բերդը: Վեստ Սարգիս Յովհաննէս Սմբատ թագաւորէն առաւ Սուրմարին եւ այլ բերդեր, իսկ հետագային յափշտակեց Գագիկ Բ. թագաւորին գանձերը եւ հոն ապաստանեցան:

Սելճուքեան արշաւանքներէն ետք Սուրմարի գրաւուեցաւ եւ թրքական զօրակայան դարձաւ: ԺԳ. դարուն Զաքարեաններ ազատագրեցին Սուրմարին: 1387-ին Լենկթիմուրի հրոսակները գրաւեցին եւ աւերեցին զայն: Հետագային վերանորոգուեցաւ եւ երկար ժամանակ, պարսկական տիրապետութեան տակ մնաց իբրեւ գաւառական կեդրոն, բայց յետոյ անշքացաւ եւ մնաց իբրեւ փոքր գիւղ:

ՑՈԼԱԿԵՐՏ

Ցոլակերտ պատմական հին բերդաքաղաք է Մասիսի հիւսիսային ստորոտին, Արաքսի ափին, Դաշբուռուն գիւղէն եօթը քիլոմեթր արեւմուտք: Աւանդական պատմութեան համաձայն հիմնադիրն է Հայկ նահապետի թոռը եւ Ամասիայի որդին` Ցոլակ: Պահպանուած սեպաձեւ արձանագրութիւնները կը վկայեն, որ բերդաքաղաքը գոյութիւն ունեցած է Ուրարտական պետութեան ժամանակ: Արշակունեաց թագաւորութեան ժամանակ եղած է արքունի ձմեռոց եւ զօրակայան:

Բերդը լայն եւ խոր խրամով եւ աշտարակներով ամրացուած պարիսպով շրջափակուած էր եւ ունէր չորս դարպաս: Բերդը քաղաքին հետ կապուած էր հարաւային դարպասով:

Պատմութեան դարաւոր տակնուվրայութիւններու ընթացքին Ցոլակերտ անշքացաւ եւ անոր աւերակները միայն պահպանուած են:

ԻԳԴԻՐ

Իգդիր

Իգդիր, Սուրմալուի գլխաւոր քաղաքը, կը գտնուի Սուրմարիէն 25 քիլոմեթր արեւելք եւ Երեւանէն 40 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք եւ այգիներով ու բարտիի ծառաստաններով շրջապատուած է: Կ՛ենթադրուի, որ Իգդիր հին Ցոլակերտն է: Թրքական աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ Իկտիր պէյ Օղուզ խանի վեց զաւակներէն մէկն էր եւ Իկտիրի սերունդը օղուզական 24 ցեղախումբերէն 21-րդը կը նկատուէր:

 

Իգդիր ԺԵ. դարուն յիշուած է իբրեւ ամրոց: Սպանացի ճանապարհորդ Քլավիխօ 1403-ին այցելած է Իգդիրի ամրոցը, որուն տիրակալը այն ժամանակ կին մը եղած է:

Մինչեւ ռուսական տիրապետութեան հաստատումը` 1828-ին, Իգդիր փոքր բնակավայր մըն էր, բայց Թուրքմենչայի դաշնագիրի տրամադրութիւններուն համաձայն Պարսկաստանի Խոյ եւ Սալմաստ գաւառներէն աւելի քան հարիւր հայ ընտանիքներ, եւ քանի մը տասնեակ ընտանիքներ ալ Պայազիտէն գաղթելով Իգդիրի մէջ բնակութիւն հաստատեցին եւ բարեկարգ բնակավայրի վերածեցին զայն: Յետոյ հոն բնակութիւն հաստատեցին ուրիշ հայ ընտանիքներ, նաեւ` թուրքեր: ԺԹ. դարու վերջաւորութեան Իգդիր ունէր 550 տուն հայ եւ 70 տուն թուրք բնակիչ:

Լայնատարած բերրի դաշտերով ու այգիներով շրջապատուած, ընդհանրացած է խաղողի, խնձորի, ծիրանի, դեղձի եւ տանձի մշակութիւնը. նշանաւոր են Իգդիրի սեխն ու վարունգը. իսկ բամպակը հողագործներուն եկամուտի գլխաւոր աղբիւրը եղած է: Իբրեւ Վան-Պայազիտ-Արարատեան դաշտ երկարող ճամբուն վրայ գտնուող կարեւոր քաղաք, Իգդիր հինէն ի վեր արհեստներու եւ առեւտուրի կեդրոն եղած է:

Իգդիրի հայերը ունէին երեք եկեղեցի, որոնց գլխաւորը Սուրբ Սահակն էր, եւ երկու վարժարան` արական եւ իգական: 1914-ի տուեալներով քաղաքը ունէր մօտաւորապէս տասը հազար բնակիչ` հայ, թուրք (թաթար), քիւրտ եւ եզիտի:

Իգդիրի ամէնէն մեծ տոհմը Կանայեաններն էին: Խոյի Հաֆթուան գիւղէն հինգ եղբայրներ` Զաքրա, Խուդավերտի, Պապաջան, Գասպար եւ Պիրոս Իգդիրի մէջ բնակութիւն հաստատելով կալուածներ ձեռք ձգեց եւ երկրագործութեամբ ու անասնապահութեամբ զբաղեցան: Կան արիւն կը նշանակէ եւ անոնք ըմբոստ քաջեր էին: Կանայեաններ գիտութեան, մշակոյթի եւ յեղափոխութեան անուանի դէմքեր տուին, որոնցմէ յիշենք բանասէր Ստեփան Կանայեանը, ակնաբոյժ Հայկ Կանայեանը, մանկավարժ Խաչատուր Կանայեանը, ճարտարապետ Արդվարդ Կանայեանը եւ յեղափոխական ու ազգային գործիչ Դրաստամատ Կանայեանը:

ԿՈՂԲ

Կողբ

Կողբ կը գտնուի Բարթող լերան հիւսիս-արեւելեան ստորոտին, Արաքսի Վարդամարգ վտակի ափին: Հին եւ շէն բնակավայր, անուանի էր իր աղահանքերով: Կողբի աղը կ՛արտահանուէր զանազան երկիրներ: Հին գիւղը ժամանակի ընթացքին աւերուեցաւ եւ մօտը կազմաւորուեցաւ նոր բնակավայր: Հին գիւղին մէջ մնացած էին երեք եկեղեցիներու աւերակներ:

 

Բիւզանդական տիրապետութեան հաստատումէն ետք եզր Ա. Փառաժնակերտցի կաթողիկոս (630-664) Հերակլիոս կայսրէն խնդրեց Կողբի աղահանքի արտադրութեան մէկ երրորդը Էջմիածնի վանքին զիջիլ. կայսրը ընդառաջեց խնդրանքին:

Կողբ մեծ եւ բարեկարգ գիւղ էր եւ Ի. դարու սկիզբի տուեալներով չորս հարիւր տուն հայ բնակչութիւն ունէր: Կողբեցիք հին բնիկներ էին, անուանի աշուղներ ունէին, մեծ մասամբ աղի հանքերուն մէջ կ՛աշխատէին եւ նաեւ երկրագործութեամբ ու անասնապահութեամբ կը զբաղէին: Անուանի էր Կողբի ծիրանը:

Կողբ բաժնուած էր վերին եւ ներքին մասերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր եկեղեցին` Սուրբ Խաչ եւ Սուրբ Երրորդութիւն: Ունէր նաեւ վարժարան:

Կողբ ներկայիս կը կոչուի Թուզլուճա (թրքերէն Թուզ` աղ):

ԱԿՈՌԻ

Ակոռի կը գտնուի Մեծ Մասիսի վեհին եզրին: Տեղական աւանդութեան համաձայն Նոյ նահապետ հոն ուռենի տնկած է:

Ակոռի նշանաւոր դարձաւ Վահանեանց պատերազմի ժամանակ, երբ 481-ին հայկական զօրքը հոն ջախջախեց պարսկական զօրքը. մարզպան Ատրվշնասպ սպաննուեցաւ, իսկ պարսկական բանակին մնացորդացը փախուստի դիմեց: Իսկ 703-ին Ակոռիի մօտ հայ ապստամբները յաղթեցին արաբներուն:

Ակոռի մեծ աւան էր եւ Խոր Վիրապի թեմին եպիսկոպոսանիստ կեդրոնը: Անաստաս Ա. Ակոռեցի կաթողիկոս (661-667) հոն եկեղեցի կառուցած էր: Գիւղին մօտակայքը, Մեծ Մասիսի հիւսիս-արեւելեան ստորոտին կը գտնուէր Սուրբ Յակոբայ վանքը:

Մեծ Մասիսի շրջանին մէջ 1840 յուլիս 2-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով գիւղը, որ 2200 բնակիչ ունէր, կործանեցաւ եւ ժայռաբեկորներու հաստ շերտի մը տակ թաղուեցաւ: Հետագային քիչ մը հեռուն նոր բնակավայր կառուցուեցաւ, որ Ի. դարուն սկիզբը 50 տուն հայ բնակչութիւն ունէր: Գիւղին մէջ ռուսական պահականոց մը կար:

ԱՅԼ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐ

Սուրմալուի հայկական միւս գիւղերն էին` Դաշբուրուն (պատմական Մենուախինիլին), Ալիջան, Ալիղամար, Իգդիրմաւա, Ալէթլու, Բլուր, Փանիկ, Զաքրլու, Հախվերիս, Խօշխապար, Թէճըրլու, Ամարաթ, Էվճիլար, Հիւսէյնի, Բհարլու, Ալիղըզըլ, Աբասգէոլ, Մոլլաղամար եւ Գիւլլիջայ:

Իգդիրմաւա գիւղէն էին Ահարոնեանները: Բնիկ Հաֆթուանցի դարբին Հարուն 1828-ին բնակութիւն հաստատած էր հոն: Զաւակը` դարբին Առաքել, որուն զաւակն է Աւետիս Ահարոնեան:

ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրմալուի հայերը ազգագրականօրէն չորս խմբաւորումներու բաժնուած են. բնիկներ, խոյեցիներ, մակուցիներ եւ արեւմտահայեր:

Խոյեցիները Խոյ եւ Սալմաստ գաւառներու վերաբնակիչներ են, որոնք 1828-ին իրենց Մովսէս իշխանին առաջնորդութեամբ գաղթելով Իգդիրի, Իգդիրմաւայի, Բհարլուի եւ Ալիղամարի մէջ բնակութիւն հաստատած են:

Արեւմտահայերը ռուս-թրքական 1828-1829-ի պատերազմէն ետք եւ այնուհետեւ գաղթած եւ Մոլլաղամար, Գիւլլիջայ եւ Աբասգէոլ գիւղերուն, մասամբ ալ Խալֆալուի մէջ բնակութիւն հաստատած են: Մակուցիք Խալֆալու գիւղին մէջ կեդրոնացած են: Միւս գիւղերու բնակիչները բնիկներ են:

Բնիկ սուրմալուցիք, որոնք հետագայ վերաբնակիչներուն կողմէ ճանչցուած են Հռոներ անունով, ընդհանրապէս հուժկու են, կլոր գեղադէմ, միջահասակ, թուխ-կարմիր, սեւ աչքերով, խիտ յօնքերով, լայնաթիկունք եւ ջղուտ ձեռքերով: Չարքաշ, աշխատասէր, ամօթխած եւ հաւատացեալ: Նահապետական գերդաստանները կառավարուած են մեծ հօր` ափոյին եւ մեծ մօր` ադէին կողմէ: Ափոյին յաջորդը` աւագ որդին, որ նահապետական տանուտիրութիւնը ստանալու համար քահանային յատուկ օրհնութիւն կը ստանար:

Խոյեցիք ճանչցուած են իբրեւ ճարպիկ, խելօք եւ ընդունակ հաւաքականութեան:

Սուրմալուի տուները կաւաշէն են. բակին հիւսիսային կողմը սրահն է, երեք պատերով փակուած եւ առջեւը բաց շինութիւն մը, ամրան տաքերուն բնակելու համար: Սրահէն աստիճան մը իջնելով` տունը, չորս սիւներու վրայ կանգնած, հարթ առաստաղով եւ գերաններով: Առաստաղին կեդրոնը երդիքն է, որուն ներքեւ եւ թոնիրն է: Թոնիրին չորս կողմը խսիրներ փռուած կ՛ըլլան, իսկ թոնիրը թաղիքով կը ծածկեն եւ վրան կը փռեն անկողինները: Դրան ետեւը` կուժերը, իսկ տան վերը` ծալքը, անկողինները, կողքին` ամաններ, կաթսաներ եւ ափսէներ: Քոխտիկը ցածլիկ շտեմարանն է:

ՕՏԱՐ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պարսիկներ 1555-ին գրաւեցին Սուրմալուն: Պարսկական շուրջ երեք դարերու տիրապետութեան ընթացքին, օսմանցիք երեք անգամ գրաւեցին շրջանը: Ռուս-պարսկական 1826-1827-ի պատերազմէն ետք, 1828 փետրուար 10-ի Թուրքմենչայի դաշնագիրով Սուրմալու անցաւ Ռուսիոյ:

Հայ-թրքական 1920-ի պատերազմին Սուրմալու  գրաւուեցաւ Քազիմ  Քարապեքիր փաշայի զօրքերուն կողմէ եւ շրջանի հայութիւնը Արաքսը անցնելով Արարատեան դաշտի գիւղերուն մէջ կեդրոնացաւ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES