ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼԸ
Չինաստանի Շենժեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Իւնիվերսիատայի ծանրաբարձութեան մրցաշարքին ծիրին մէջ, 77 քկ դասակարգի մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչը` Աղասի Աղասեան, տիրացաւ ոսկի մետալին, երբ ընդամէնը բարձրացուց 337 քկ` 5 քիլոկրամով գերազանցելով Ռուսիան ներկայացնող Վիաչեսլաւ Լասթուխինը:
Նշենք, որ համաշխարհային ուսանողական խաղերու պատմութեան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի ներկայացուցիչը ախոյեանի տիտղոսին կ՛արժանանար:
CATEGORIES Մարզական