ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԻՏԻ ՉՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԱՍԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ արաբական աշխարհին մէջ տիրող անապահով կացութեան պատճառով որոշեց չհիւրընկալել փինկ փոնկի Ասիոյ 20-րդ ախոյեանութիւնը, հակառակ անոր որ 28 երկիրներ արդէն իսկ որոշած էին իրենց մասնակցութիւնը բերել անոր:
Ֆետերասիոնը ներում հայցեց մասնակցող երկիրներէն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն հովանաւոր ընկերութիւններուն, որոնք ընդառաջած էին իրեն` այս մրցաշարքին օժանդակելու համար:
CATEGORIES Մարզական