ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՍՈՒՐԻՈՅ. «ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ԴԱԴՐԵՑՈՒՑԷ՛Ք… ԱՍԻԿԱ ՄԵՐ ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔՆ Է»
Թուրքիա Սուրիոյ վարչակազմէն պահանջեց քաղաքայիններուն դէմ զինուորական գործողութիւնները անմիջապէս դադրեցնել:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երկուշաբթի գիշեր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին սուրիական վարչակազմին զինուորական գործողութիւնները շարունակելու յաւելեալ ժամանակ չէ տրուած:
Ան նշեց, որ անցեալ չորեքշաբթի օրուընէ ի վեր Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ տեղի ունեցած են տարբեր մակարդակի հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին խօսուած է զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու կարեւորութեան մասին, սակայն ի զուր, գործողութիւնները ոչ թէ դադրած են, այլ աւելցած:
Տաւութօղլու յայտնեց, որ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները կարելի չէ արդարացնել, իսկ այն, ինչ որ սուրիացի ժողովուրդին դէմ կը կատարուի, պէտք է անմիջապէս դադրի: Ան կոչ ուղղեց զինուորական բոլոր երեւոյթները հեռացնելու սուրիական քաղաքներէն եւ վերականգնելու բնական կեանքի ընթացքը, որովհետեւ կացութեան առնչութեամբ որդեգրուած որեւէ միջոցառում ապարդիւն է: Ան ընդգծեց, որ ասիկա Թուրքիոյ վերջին խօսքն է:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի, Թունուզի եւ շրջանին մէջ ժողովրդավարական շարժումին զօրավիգ կանգնելու աշխատանք կը տանի: Ան շեշտեց, որ «այսուհետեւ սուրիական վարչակազմէն գործողութիւններու անմիջական դադրեցում կը սպասենք եւ կ՛ուզենք, որ սուրիական իշխանութիւններն ու միջազգային համայնքը այդ մէկը գիտնան»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ երէկ յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերը ներքին հարցեր են», եւ քննադատեց այդ հարցին մէջ արեւմտեան եւ մասնաւորաբար ամերիկեան միջամտութիւնները:
Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ «Սուրիոյ դէպքերը ներքին հարցեր են եւ կարելի չէ արդարացնել արտաքին որեւէ միջամտութիւն, որ միայն բազմաթիւ հարցեր կրնայ ստեղծել»: «Արեւմուտքցի պաշտօնատարները, մասնաւորաբար ամերիկացիները պետութիւններու ներքին հարցերուն միջամտելու վարժուած են եւ զանոնք գրաւելու նպատակով իրենց զինուորական ուժերը ուղարկելու համար որեւէ պատրուակ կ՛օգտագործեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ամերիկեան միջամտութիւնը միայն Միացեալ Նահանգներուն նկատմամբ շրջանի ժողովուրդներուն ատելութիւնը պիտի բազմապատկէ»:
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի իր թուրք պաշտօնակիցին` Տաւութօղլուի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է շրջանին եւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումները: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Տաւութօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրոյի եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթի հետ: Քննարկուած են շրջանի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումները:
Մինչ այդ, ամերիկացի պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է. «Կ՛ուզենք Ասատն ու անոր վարչակարգը մեկուսացած տեսնել»: Իսկ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Լաթաքիոյ մէջ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնուած է: