ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
Բրիտանիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած խռովարարութիւններուն մասնակից երիտասարդներուն ձերբակալութիւնները կը շարունակուին: Ձերբակալուած աւելի քան 2800 երիտասարդներուն մեծ մասը մեղադրուած է վանտալիզմի, խուլիկանութեան եւ կողոպուտի յանցանքներով:
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն երկուշաբթի օր յայտարարեց կրթութեան, երիտասարդութեան եւ ընտանեկան դաստիարակութեան մարզերուն մէջ պետական նոր ծրագիրներու մշակման անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ անոր, արձանագրուած խռովարարութիւններուն պատճառը ընկերային, ցեղային կամ կրօնական խնդիրները չէին, այլ ոճրագործութիւնը: Ան նշեց, որ տեղի ունեցած դէպքերը «սթափելու կոչ մըն էին»:
CATEGORIES Միջազգային