ԶՕՐ. ԽԱՉԱՏՈՒՐՈՎԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Գերմանիա` Կարմիշ-Փարթենքիրխեն քաղաքին մէջ 17-էն 19 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութեան հովանիին ներքեւ տեղի ունենալիք գործընկեր երկիրներու զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետերու տարեկան համաժողովին մասնակցելու նպատակով:
Այս տարուան համաժողովին նիւթն է «Միջազգային մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը աղէտներու հետեւանքներու վերացման ժամանակ»:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, այցելութեան շրջագիծին մէջ զօր. Եուրի Խաչատուրով հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութեան եւ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատար ծովակալ Ճէյմս Սթաւրիտիսի հետ: Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի հետ Հայաստանի զինուորական համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Եուրի Խաչատուրովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւան պիտի վերադառնայ 20 օգոստոսին: