«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ՔՈՊԻԱ
Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցչութեան ղեկավար Ռոլանտ Քոպիա յայտնած է, որ Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները չեն յաջողած համաձայնութիւն գոյացնել, սակայն ատիկա կարելի չէ բանակցութիւններու տապալում նկատել, որովհետեւ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու Սոչիի հանդիպումը որոշակի դրական արդիւնք տուած է:
«Մենք բանակցութիւնները տապալած չենք նկատեր եւ պիտի ուզէինք հոլովոյթին շարունակութիւնը տեսնել», ըսած է Քոպիա: Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է զինադադարի պայմաններուն մէջ զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ արձանագրուող զոհերու փաստին առնչութեամբ:
«Զինադադարի պայմաններուն մէջ նման դէպքեր պէտք չէ ըլլան, զոհեր պէտք չէ արձանագրուին: Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է խիստ կերպով պահպանեն զինադադարի դրութիւնը», նշած է Քոպիա: