ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց Գագիկ Գէորգեանը` Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ապրող հայ ոսկերիչները միացնող միութիւնը իր բազմաթիւ ծրագիրներով նպաստէ հայկական ոսկերչական արուեստի հետագայ զարգացման:
Գագիկ Գէորգեան նախագահ Սարգսեանին ներկայացուց միութեան կողմէ յառաջիկային իրականացուելիք ծրագիրները եւ աշխատանքները: Յատկապէս կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով 21 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան կազմակերպելիք առաջին ցուցահանդէսը, որուն պիտի մասնակցին բազմաթիւ յայտնի ընկերութիւններ:
Զրուցակիցները անդրադարձան աշխարհի հայ ոսկերիչներուն միջեւ կապերու ընդայլնման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ոսկերչութեան զարգացման հեռանկարներուն:


