«ՀԱՅ- ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՁԱԽՈՂԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ լաւատեսութեան հիմքեր չի տեսներ Ղարաբաղի հարցին մէջ Ազրպէյճանի կեցուածքին պատճառով:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք դրական կեցուածքի բացակայութիւնը կու գայ ներկայացուած առաջարկներու բովանդակութենէ՞ն, Մանոյեան նշեց, որ մինչեւ հիմա ալ պարզ չէ, թէ Մետվետեւ ի՛նչ ուղերձ յղած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն: Թէեւ տպաւորութիւնը այն է, որ երկու նախագահներուն արձագանգը դրական չէ եղած, բայց պարզ է, որ Մետվետեւի ուղերձը չէր կրնար տարբեր ըլլալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու նախագահներու մօտեցումէն, եւ նոյնինքն այդ շրջագիծին մէջ է, որ որոշ բան առաջարկուած է:

Կ. Մանոյեան ընդգծեց, որ մէկ բան պարզ է, այն ալ Ազրպէյճանի մերժողական կեցուածքն է, որ բանակցութիւններուն արդիւնաւէտ ըլլալու գլխաւոր խոչընդոտն է: Ըստ անոր, եթէ Ազրպէյճան համաձայն գտնուի, որ Ղարաբաղը կրնայ Ազրպէյճանի կազմէն դուրս ըլլալ, ապա պարզ է, որ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի, բայց մինչեւ այսօր Ազրպէյճան այսպիսի կեցուածք չունի:

Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ եթէ պատերազմ սկսի, ապա պէտք է սկսի Ազրպէյճանին կողմէ, իսկ Ազրպէյճան պատերազմը կը սկսի, եթէ վստահ ըլլայ, որ պիտի յաղթէ, սակայն մինչեւ այսօր այսպիսի վստահութիւն Ազրպէյճան չունի, ինչ որ կը նշանակէ` պատերազմի հաւանականութիւնն ալ մեծ չէ: Ան, սակայն, աւելցուց, որ զինադադարի խախտումները կրնան ստեղծել իրավիճակ մը, որ անհաւասարակշռելի գործընթացներ տեղի ունենան: «Անհրաժեշտ է, որ Ազրպէյճան հասկնայ, թէ պատերազմ սկսելու պարագային ինք յառաջընթաց չի կրնար ունենալ», ըսաւ Կ. Մանոյեան:

Կիրօ Մանոյեան նաեւ նշեց, որ հայ հասարակութիւնը պատրաստ չէ այն զիջումներուն, որոնց մասին կը խօսուի, հակառակ անոր, որ «իշխանութիւնները այդ զիջումներուն մասին անընդհատ կը խօսին` եղանակի տեսութեան քարտէսներէն սկսեալ մինչեւ Ղարաբաղ – Հայաստան քարտէսները»: «Բայց չեմ կարծեր, որ մեր ժողովուրդը այսպիսի զիջումներու պատրաստ է: Եթէ ժողովուրդը այդ ուղղութեամբ առայժմ իր անհամաձայնութիւնը չի յայտներ, ատիկա հաւանաբար անոր համար է, որ չի տեսներ, թէ հարցը շատ արագ պիտի լուծուի, հետեւաբար` այսպիսի զիջումներն ալ արագ ձեւով իրականանալի չեն», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին` Մանոյեան ընդգծեց, որ այս հարցին մէջ հայկական դիւանագիտութիւնը ձախողած է, որովհետեւ թէ՛ Միացեալ Նահանգները, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը սկսած են խօսիլ այն մասին, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաստատումը միայն կարելի է Ղարաբաղի հարցին լուծումով: «Ասիկա տեղ մը մեր դիւանագիտութեան ձախողութիւնն է, որովհետեւ մեր դիւանագիտութիւնը անընդհատ կը յայտարարէր, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները պէտք է հաստատուին առանց նախապայմանի, բայց արդէն կը տեսնենք, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգները, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը արդէն կը խօսին նախապայմաններու մասին, այսինքն` երբ լուծուի ղաբարաղեան հարցը, այն ժամանակ ալ պիտի կարգաւորուին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները», նկատել տուաւ դաշնակցական գործիչը:

Սակայն ան նաեւ համոզում յայտնեց, որ այս դիւանագիտութիւնը կրնայ շտկուիլ, եթէ Հայաստան իր ստորագրութիւնը վերցնէ արձանագրութիւններէն: Դաշնակցական գործիչը շեշտեց, որ այսօրուան դրութեամբ Թուրքիա շահագրգռուած չէ արձանագրութիւններուն վաւերացումով, որովհետեւ արդէն ստացած է իր ստանալիքին մեծ մասը` առանց վաւերացնելու եւ առանց ոչինչ տալու: Իսկ Հայաստան միայն տուած է: Ըստ Մանոյեանի, անհրաժեշտ է, որ Հայաստան իր ստորագրութիւնը վերցնէ, որպէսզի նոր իրավիճակ ստեղծուի եւ նոր հոլովոյթ սկսի:

Share this Article
CATEGORIES