ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապատի շեշտեց, որ Իրան պատրաստ է Լիբանանին օժանդակելու. այս ծիրին մէջ Ապատի Ղոսընին յանձնեց Թեհրան այցելութեան հրաւէր մը` ուղարկուած իրանցի անոր պաշտօնակիցէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցման վախը միշտ առկայ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ օր մը օրանց միլիս չէ եղած` աւելցնելով, որ եթէ այդպէս ըլլար, անիկա 7 մայիսին ինքնապաշտպանութեան կը դիմէր:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ապտալլա Ապտալլա շեշտեց, որ իրենք ոչ մէկ մտահոգութիւն ունին Լիբանանի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին նախագահութիւնը ստանձնելու պարագային անոր ունենալիք դրական դերակատարութեան առումով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Ռումիէէն բանտարկեալներու փախուստի թղթածրարին քննարկումը պիտի շարունակուի ապահովական եւ դատական շրջանակներուն կողմէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ կառավարութիւնը տապալելը ազգային անհրաժեշտութիւն է:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ կոչ ուղղեց ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի դէմ հետաքննութիւն բանալու` դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգութեան թղթածրարին վերաբերեալ անոր ցուցաբերած կեցուածքներուն առնչութեամբ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քամել Ռիֆայի «Նաշրա» կայքէջին բացայայտեց, որ Հըզպալլայի նախարարները միջամտած են` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի տեսակէտները մերձեցնելու նպատակով: Ան դիտել տուաւ, որ կացութիւնը տակաւին չէ հասած կառավարութենէն հրաժարելու աստիճանին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ արձանագրուած տարակարծութիւնները չեն նշանակեր, թէ երկու ղեկավարներուն միջեւ գժտութիւն կայ:

ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին նշած այն տեղեկութիւններուն, թէ Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ արձանագրուած են տարակարծութիւններ եւ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներ, որոնց լոյսին տակ տեղի ունեցած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ նախարար Ղազի Արիտիի միջեւ հանդիպումը, Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրները կտրականապէս հերքեցին այդ տեղեկութիւնները` զանոնք նկատելով անճիշդ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ քննարկեց բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութեան վերաբերող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES