«ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ ԱՅՆ Է, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՆԿԱՐՈՂ Է ԲԱՒԱՐԱՐԱՉԱՓ ՀՈՍԱՆՔ ԱՐՏԱԴՐԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԵՆ ԹԱՊՈՒՐԵԱՆ

Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախկին նախարար Ալեն Թապուրեան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պատասխանեց ելեկտրականութեան մասին երեսփոխան Ղազի Եուսեֆի կատարած յայտարարութիւններուն:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Եուսեֆ ամէն առիթի նախարար Թապուրեանի դէմ զրպարտութիւններ կը կատարէ` մնալով անյագ` անճիշդ տեղեկութիւններ տարածելու իմաստով:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ յայտնուեցաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին պատճառը այն է, որ երկիրը անկարող է բաւարարաչափ հոսանք արտադրելու իմաստով, իսկ իրերայաջորդ կառավարութիւնները զլացած են այդ մարզին համար անհրաժեշտ ներդրումները կատարել:

Share this Article
CATEGORIES