ԻՐԱՆ` ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նկատել տուաւ, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառներու բացայայտման յատուկ Միջազգային դատական ատեանը քաղաքական նպատակներով կը գործէ, հետեւաբար ան իրաւաբանական ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ:

Մեհմանփարասթ շեշտեց, որ այդ ատեանին մասին Իրանի տեսակէտը յստակ է:

ՀԱՐԻՐԻ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին անդրադարձաւ Մեհմանփարասթի յայտարարութիւններուն` դիտել տալով, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին մասին Թեհրանի  տեսակէտը Հըզպալլայի կեցուածքներուն կրկնօրինակն է:

Հարիրի շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանին դէմ յայտարարուած այս արշաւը կը միտի շրջափակել ատեանը եւ արգիլել արդարութեան բանեցումը:

Share this Article
CATEGORIES