ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Նախարար Սապունճեան` Զահլէի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Զահլէի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Էտմոն Ժրայսաթիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան միութեան մէջ հաստատուած սնունդի որակի ստուգման նոր բաժինին վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ այդ բաժինին գործունէութիւնը պաշտօնապէս վաւերացնելու կարելիութիւնները:

Նախարար Սապունճեան դրուատեց այդ նախաձեռնութիւնը եւ յայտնեց, որ նախարարութիւնը նեցուկ պիտի կանգնի  այդ գրասենեակի աշխատանքին աշխուժացման:

Միւս կողմէ, նախարար Սապունճեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու ճարտարարուեստի միութեան ներկայացուցիչներու մէկ պատուիրակութեան հետ` նախագահութեամբ Ուսամա Հալպաուիի:

Հանդիպումին ընթացքին Հալպաուի ներկայացուց 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին ճարտարարուեստի մարզին կրած վնասները:

Share this Article
CATEGORIES