ՖՐԵՆԺԻԷ – ԱՐՍԼԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Խալտէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն պահ մը

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ այցելեց Խալտէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ:

Ֆրենժիէի ընկերակցեցաւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանան կը գտնուի զգայուն կացութեան մէջ` աւելցնելով, որ լիբանանեան խճանկարը կը մնայ նոյնը, «հետեւաբար` պէտք չէ տղայական շարժումներ կատարել եւ այս կամ այն լարին վրայ խաղալ: Ոմանք Լիբանանի մէջ հասակ չեն նետած, այլ` ժամանած են Լիբանան եւ հոն բնակած ու լիբանանցիին կողմէ ընտրուած են: Մենք յարգելով հանդերձ լիբանանցիներուն ընտրութիւնը, զանոնք օտար կը գտնենք լիբանանեան մեքանիզմէն, որովհետեւ լիբանանեան մեքանիզմը միացեալ որոշումներուն եւ համախոհութեան վրայ հիմնուած է», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ամրապնդուի եւ իր աշխատանքները շարունակէ:

Իր կարգին, Թալալ Արսլան շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ իւրաքանչիւր դէպք կամ յայտարարութիւն քաղաքականացնելու մօտեցումին, յատկապէս այն թղթածրարները, որոնք կը վերաբերին լիբանանցիներուն առօրեային բարելաւման, ինչպէս` ելեկտրականութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ շարք մը այլ հարցերու:

Արսլան ընդգծեց, որ պէտք է պարկեշտ ըլլալ այս իմաստով:

Հանդիպումին աւարտին Արսլան ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ իր այցելուներուն:

Share this Article
CATEGORIES