50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (18 օգոստոս 1961)

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԸ ԵՐԲԵՔ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ
ՉԷ ՈՒՆԵՑԱԾ…»

Պուէնոս Այրեսի մեր պաշտօնակիցը` «Արմենիա» կը գրէ իր խմբագրական սիւնակին մէջ.

Խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ կը գտնուի շատ հետաքրքրական նամակ մը, զոր ստացած է կաթողիկոսական պատուիրակ Բաբգէն եպս. Ապատեան: Նամակը ստորագրած է կաթոլիկ հոգեւորական մը` հ. Խոսէ Օրլանտօ Սարմիենթօ, որ իր հոգեւոր պաշտօնը կը կատարէ Պուէնոս Այրես նահանգին մէկ քաղաքին մէջ:

Նամակագիրը սրբազան հօրմէն կարգ մը տեղեկութիւններ կը խնդրէ հայերու մասին: Սակայն կաթոլիկ հոգեւորականը իր նամակին մէջ կը յայտնէ, թէ հայերու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար 1959-ին դիմած էր Պուէնոս Այրեսի թրքական դեսպանատուն եւ առած` հետեւեալ պատասխանը.

«Թուրքիա ինքնիշխան պետութիւն մըն է, այսինքն իր սահմաններուն մէջ գոյութիւն չունի մէկ ուրիշ պետութիւն, ըլլա՛յ դաշնակցային կամ համադաշնակցային դրութեան հիման վրայ: Թուրքիոյ սահմաններէն ներս երբեք գոյութիւն ունեցած չեն եւ ոչ ալ այսօր գոյութիւն ունին Հայաստան մը կամ Քիւրտիստան մը: Թուրքիոյ արեւելեան կարգ մը քաղաքներու մէջ կը բնակին քանի մը հայեր եւ քրտական ցեղեր: Գրեթէ տասը դարէ ի վեր Պիթլիսը եւ Էրզրումը թրքական քաղաքներ են: Այն օրէն, երբ 1071-ին տեղի ունեցաւ Մանազկերտի ճակատամարտը թուրքերու եւ բիւզանդացիներու միջեւ: Այդ թուականին ալ կը սկսի Անատոլուի թերակղզիին նուաճումը: Կարսը եւ Արտուինը կը գտնուին Ռուսիոյ սահմանին մօտերը»:

Դեսպանատան նամակը ստորագրած է ոմն Ատնան Փէյիտարոլ:

Մեր ընթերցողներուն արդէն ծանօթ է Միացեալ Նահանգներու թրքական դեսպանին այն նամակը, զոր ուղղած էր «Հայրենիք»ներու խմբագրապետ Ռ. Դարբինեանին: Թուրք դեսպանը կ՛առաջարկէր հայերուն մոռնալ անցեալը եւ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակել երկու ժողովուրդներուն միջեւ: Ուաշինկթընի թուրք դեսպանը Ռ. Դարբինեանէն ստացած էր իր արժանի պատասխանը:

Պուէնոս Այրեսի թուրք դեսպանը տարբեր վերաբերում ունի հայ ժողովուրդին հանդէպ: Ան բացարձակապէս կը ժխտէ Հայաստանի մը գոյութիւնը` թէ՛ անցեալին մէջ եւ թէ՛ ներկայիս: Միայն «քանի մը հայեր» կ՛ապրին արեւելեան Թուրքիոյ կարգ մը քաղաքներուն մէջ. ա՛յս է հայերու մասին տրուած տեղեկութիւնը կաթոլիկ հոգեւորականին:

Ի հարկէ, դեսպանատան պատասխանատու պաշտօնեայ մը քաջ ծանօթ պիտի ըլլայ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի պատմութեան: Սակայն խեղաթիւրելով պատմութիւնը եւ ծածկելով իրականութիւնը` թուրքերը կը ջանան աշխարհը համոզել, թէ ո՛չ հայ ժողովուրդ մը գոյութիւն ունի եւ ո՛չ ալ Հայ դատ: Վարպետօրէն կը լռեն Ապրիլեան եղեռնին մասին եւ կ՛ուզեն, որ մոռացութեան տրուին թուրք ցեղին գործած վայրագութիւններն ու գազանութիւնները հայերուն դէմ:

Ատնան Փելիտարոլ շատ լաւ գիտէ, որ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները հազարամեակներ շարունակ պատկանած են հայերուն, որոնք հոն ստեղծած են իրենց թագաւորութիւններն ու ինքնիշխան պետութիւնը, ունեցած են բարգաւաճ ու լուսաւոր երկիր մը եւ զուտ հայկական բնակչութիւն: Եւ եթէ այսօր այդ շէն քաղաքներն ու աւանները աւերակ ու ամայի դարձած են, պատճառը թրքական եաթաղանն է:

Թրքական դեսպանատունը նոյնիսկ չ՛ընդունիր ներկայ Հայաստանի գոյութիւնը, որ ստեղծուած է ի գին հայ ժողովուրդի անհուն զոհողութեանց եւ հերոսական մաքառումներուն: Հայաստան մը, որուն հիմերը շաղախուած են թուրքերու ձեռքով մորթոտուած մէկուկէս միլիոն հայերու արիւնով: Թուրքը կը լռէ այդ մասին, որովհետեւ հայ ժողովուրդին վերապրումը, վերածնունդը, յառաջդիմութիւնը եւ ստեղծագործական ոգին փախցուցած են իր քունը: Թուրքը կը սոսկայ, որովհետեւ հայը չէ մոռցած անցեալը ու պահանջատէր է:

Սակայն ցաւալի է խոստովանիլ, որ քառասուն տարի շարունակ ապրելով Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ` ոչինչ ըրած ենք տեղացի ժողովուրդներուն ծանօթացնելու համար մեր պատմութիւնը, մշակոյթը, արուեստը, դաւանանքը, յեղափոխական մարտնչումները, թուրքեւհայ յարաբերութիւնները, թրքական բարբարոսութիւնները, հայկական պետութեան ծագումը եւ Հայ դատի պատմական փուլերը: Մանաւանդ ներկայիս ներելի չէ այդ թերացումը, երբ մենք ունինք հարիւրաւոր համալսարանականներ, շատ մը երիտասարդական կազմակերպութիւններ եւ նիւթական ամէն հնարաւորութիւն:

Վերոյիշեալ նամակին հեղինակ հայր Խոսէ Սարմիենթոյի պէս հարիւրաւոր անձեր կան, որոնք կը հետաքրքրուին հայերով եւ իրենց տեղեկութիւններն ալ երբեմն կը ստանան սխալ աղբիւրներէ:

Ժամանակն է լրջօրէն մտածելու այս մասին:

Share this Article
CATEGORIES