ԿԵՆՑԱՂԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ. ԼԱՒ ԴՐԱՑՆՈՒԹԻՒՆԸ
Բոլորս ալ քանի՜ քանի անգամներ հաստատած ենք, որ դրացնութիւն մը թանկագին օժանդակութիւն մըն է: Ըլլա՛յ ծանր պատահարներու, ըլլա՛յ նուազ եղերական պարագաներու, համակրելի եւ բարենկատ դրացիներ ունենալը իսկապէս նախախնամական է:
Լաւ դրացի մը ըլլալու համար կան կարգ մը օրէնքներ, զորս պէտք է յարգել:
– Երբ նոր բնակարան մը կը հաստատուիք, ամենամօտիկ դրացիներուն պարզօրէն պէտք է ներկայանալ. ասիկա կրնայ դիւրութեամբ կատարուիլ վերելակին մէջ կամ շէնքին մուտքին` առաջին հանդիպման մը առիթով:
– Եթէ տունը հեռաձայն ունիք, եւ անոնք չունին, առիթէն օգտուելով` կրնաք անոնց առաջարկել, որ շտապ պարագաներու կրնան զայն օգտագործել:
– Վերելակին դուռը երկար ժամանակ բաց չձգել ձեր զաւակները յանդիմանելու կամ դրացուհիի մը հետ զրուցելու համար: Վերելակը բոլորին սեփականութիւնն է, իրաւունք չունիք զայն զբաղ պահելու:
– Կարելի չէ անտեղի մտերմութիւններ ստեղծել եւ դրացիին դուռը զարնել` գաւաթ մը սուրճ խմելու, հարցում մը հարցնելու կամ բան մը փոխ ուզելու համար:
– Կենցաղավարական օրէնքը կ՛ըսէ, թէ դրացի մը պէտք չէ իր աղմուկով մնացեալները խանգարէ: Այսպէս, իրիկուան ժամը 10:00-էն ետք կահոյք քաշքշելը, բարձր երաժշտութիւն լսելը, պարելը կամ վազվզելը անընդունելի են:
Նոյնպէս կարեւոր է, որ երեխաներուն խաղերը շատ աղմկալից չըլլան, մանաւանդ եթէ անոնք կանուխ արթնցող կամ ուշ քնացող են:
– Եթէ տունը շուն կը պահէք, տունէն երկար ատեն բացակայելէ զգուշացէք, որովհետեւ անոր հաջոցը կը խանգարէ շէնքին եւ թաղին բնակիչները:
– Եթէ օրուան որոշ ժամու մը սովորութիւն ունիք ձեր աղբերը դրան առջեւ դնելու, նայեցէք, որ ձեր աղբի տոպրակները դրացիին դրան առջեւ չհասնին եւ նեղութեան ու վէճի դուռ չբանան:
– Եթէ տարեդարձ պիտի տօնէք կամ տան մէջ անխուսափելի նորոգութիւն մը պիտի կատարէք իրիկուան ուշ ժամերուն, ձեր անմիջական դրացիներուն հետ կապուեցէք եւ անոնց ներողամտութիւնը խնդրեցէք:
– Լաւ դրացնութիւնը կը սկսի փոխադարձ յարգանքով եւ ծառայութիւններով: Օրինակ` կրնաք շէնքին մէջ բնակող, հիւանդ դրացուհիի մը գնումները կատարել, մինչեւ դպրոց ընկերանալ տղու մը, որուն մայրը անկարելիութեան մէջ է:
Դրացնութեան լաւ յարաբերութիւններ ստեղծելու եւ պահելու համար անհրաժեշտ են այս ոսկի կանոնները:
Պէտք է լաւ եւ յարգալիր վարուիլ բոլորին հետ, հաճելի մարդու մը կամ կնոջ մը վայել ձեւով ներկայանալ, բայց միշտ` սահմանները գիտնալով եւ անտեղի մտերմութիւններէ հեռու մնալով:
Պայման է չբամբասել եւ չարախօսութիւններ չընել, այս կամ այն խումբին մաս չկազմել եւ թշնամական կեցուածքներ չճշդել:
Այլ խօսքով, լաւ դրացին կ՛ըլլայ ազնիւ, փափկանկատ եւ ծառայասէր, գիտակից` իր իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն, տեղին` մտերիմ, բայց ընդհանրապէս հաւասար հեռաւորութեան վրայ` բոլորէն:
ԳԵՂԵՑԿԱԳԻՏԱԿԱՆ
ԴԷՄՔԻ ԼՈՍԻՈՆՆԵՐ
Լոսիոնները հեղուկներ են, զորս կը գործածենք դէմքը յատուկ կաթով լաւապէս մաքրելէ ետք: Լոսիոնով օծուած դէմքը պատրաստ կ՛ըլլայ ընդունելու ցերեկային, գիշերային, ինչպէս նաեւ խոնաւցնող (հիտրաթանթ) սերերը:
Ինչպէս` շատ մը ծեփուկներ, կարելի է լոսիոնները եւս տունը պատրաստել: Ստորեւ` քանի մը նմուշ:
ԲՆԱԿԱՆ ՄՈՐԹԻ ԼՈՍԻՈՆ
Գաւաթ մը կտրտուած ելակը եւ գաւաթ մը հանքային մաքուր ջուր հարիչէ անցընել, աւելցնել կէս սուրճի գաւաթ օղի: Ստացուած հեղուկով դէմքը մաքրել առտու եւ երեկոյեան:
ԻՒՂՈՏ ՄՈՐԹԻ ԼՈՍԻՈՆ
Գաւաթ մը վարդի թերթիկի աւելցնել գաւաթ մը եռացած հանքային ջուր եւ ծածկել: 20 վայրկեան ետք քամոցէ անցընել, աւելցնել կիտրոնի մը հիւթը եւ ստացուած հեղուկով դէմքը մաքրել 2 անգամ:
ՉՈՐ ՄՈՐԹԻ ԼՈՍԻՈՆ
Կէս աւոքատօ մը գաւաթ մը հանքային ջուրով հարիչէ անցընել, աւելցնել ապուրի դգալ մը վարդի ջուր եւ 2 ապուրի դգալ հեղուկ կաթ: Այս հեղուկով մաքրել դէմքը օրական 2 անգամ:
ԽՈՀԱՆՈՑԱՅԻՆ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԷՆ
ՀԱՒԿԻԹԸ
Թարմութիւն
– Հաւկիթին թարմութիւնը ստուգելու համար զայն մխրճել աղի ջուրի մէջ (1 լիթր ջուրին մէջ լուծել 12 կրամ քարաղ): Եթէ հաւկիթը ջուրին յատակը իջնէ, թարմ է, իսկ եթէ ծփայ, թափեցէք զայն: Մէջտեղը մնալու պարագային, կրնաք զայն օգտագործել ճաշի, անուշեղէնի պատրաստութեան մէջ, բայց կարելի չէ զայն թերխաշ ուտել:
– Թարմ հաւկիթը ոչ մէկ ձայն կը հանէ զայն ցնցելու պարագային:
– Հաւկիթը կոտրեցէք տափակ, բաց ամանի մը մէջ, եթէ անիկա ձեւաւոր իյնայ եւ չտարածուի ու չձեւափոխուի, թարմ է:
Պահելու ձեւ
– Հաւկիթը սենեակի ջերմաստիճանով չձգել, շուտ կը հիննայ: Շուկայէն գնելէ եւ տուն բերելէ ետք սառնարանը պահեցէք:
– Հաւկիթը չլուալ սառնարանը տեղաւորելէ առաջ, անոր պատեանը կը վնասուի եւ դիւրազգաց կը դառնայ:
– Սառնարանին մէջ տեղաւորելու պարագային, հաւկիթները շարեցէք սուր բաժինը դէպի վար, որպէսզի օդով լեցուն բաժինը չազդուի:
– Օրաթերթի մէջ փաթթելով` հաւկիթները կրնաք տասնեակ մը օրեր թարմ պահել:
– Եթէ հաւկիթին դեղնուցը սառնարանը պիտի պահէք աւելի ուշ գործածելու համար, անոր վրայ ապուրի դգալ մը ջուր աւելցուցէք:
Ամրան եղանակին կարեւոր է յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնել ուտելիքներու թարմութեան եւ անոնց պահպանման եղանակին` թունաւորումներէ հեռու մնալու համար:
ԽՈՀԱՆՈՑԻ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԷՆ
ՁՈՒԿԸ
Թարմութիւն
– Նախքան գնելը` լաւ քննեցէք ձուկին արտաքին տեսքը եւ լաւ շօշափեցէք զայն:
– Ձուկին աչքը պէտք է ըլլայ ցցուն եւ թափանցիկ:
– Փորը պիրկ եւ ամուր պէտք է ըլլայ. եթէ մատով դէպի ներս ճնշէք պէտք չէ որ փոսիկ մը գոյանայ եւ մնայ:
– Ձուկին խռիկները պէտք է վառ կարմիր ըլլան:
– Վերջապէս, հոտոտացէք զայն, պէտք է որ քիչ թէ շատ ծով բուրէ:
Ձուկին թարմութիւնը ստուգելու այլ միջոց մը եւս. զայն մխրճեցէք ջուրով լեցուն խորունկ ամանի մը մէջ, եթէ սուզուի, կը նշանակէ, որ թարմ է:
Գիտէի՞ք, թէ…
– Նախապէս քացախով թրջած ձուկը աւելի դիւրին կը մաքրուի թեփերէն:
– Ձուկը կարելի չէ պահել առանց մաքրելու:
– Ձուկը տապկելու ատեն չի փշրուիր, եթէ նախապէս աղուի եւ 15 վայրկեան ձգուի մէկ կողմ:
– Զօրաւոր հոտ ունեցող ձուկը պէտք է եփել առատ ջուրով:
– Կոկորդը փուշ մնալու պարագային, անմիջապէս կիտրոնի հիւթ խմել կամ պատառ մը հաց ծամել:
– Եթէ կ՛ուզէք ստուգել, թէ փուռը դրուած ձուկը եփա՞ծ է, թէ՞ ոչ, անոր մէջքի լողակը թեթեւօրէն քաշեցէք, եթէ անմիջապէս բաժնուի, ուրեմն եփած է:
– Տապկելու ժամանակ, որպէսզի ձուկը ձեւաւոր մնայ, զայն ալիւրի մէջ թաթխեցէք:
– Թարմ ձուկը կարելի է քանի մը ժամ սառնարանէն դուրս պահել, եթէ լաւ մաքրէք, լուաք եւ կիտրոնով շփելէ ետք աղէք:
– Ձուկին հոտը չէզոքացնելու համար ձեռքերը շփեցէք քարաղով եւ կիտրոնով:
– Ձուկի պատրաստութեան ընթացքին օգտագործուած դանակը, ամանեղէնն ու աշխատանքի տախտակը լուացէք պաղ ջուրով, որուն մէջ կիտրոնի հիւթ եւ քարաղ աւելցուցած ըլլաք:
***
Ամրան եղանակին զգուշացէք պատահական, անվստահելի տեղերէ ձուկ գնելէ կամ ուտելէ: Ձուկը շատ շուտ կ՛ազդուի տաքէն եւ, հետեւաբար, շուտ կը վնասուի: Թունաւորումներէ հեռու մնալու լաւագոյն միջոցը զգուշութիւնն է:
ԽՈՀԱԳԻՐ
ԹԱԺԻՆ
– Խոշոր սոխ մը` շերտուած
– 1 սուրճի գաւաթ սնոպար
– Քառորդ գաւաթ ձէթ
– 5 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 300 կրամ ձուկի ճերմակ ֆիլէ
– Կէս գաւաթ թահին
– Աղ, պղպեղ
– Կարմիր փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Սնոպարը ձէթի մէջ տապկել, ծծուն թուղթի վրայ փոխադրել եւ ձգել, որ պաղի:
Շերտել եւ տապկել սոխը նոյն ձէթին մէջ, մինչեւ որ թափանցիկ դառնայ, ապա հանել մէկդի դնել:
Նոյն ձէթին մէջ տապկել ձուկի ֆիլէն:
Ջուրով բարակցնել թահինը, աւելցնել աղը եւ կիտրոնի հիւթը` ստանալու համար մածունի թանձրութեամբ թացան մը:
Այս թացանին աւելցնել սոխը եւ ձուկը: Քանի մը կտոր ձուկ մէկդի դնել` զարդարանքի համար:
Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել խառնուրդը, երեսը զարդարել մնացեալ ձուկով, տապկուած սնոպարով եւ մանրուած ազատքեղով:
Բարի՛ ախորժակ:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
ՎԱՐԱԶՆ ՈՒ ԱՂՈՒԷՍԸ
Վարազը ժեռուտ քարերի վրայ
Անխոնջ եռանդով
Սրում էր մէկ-մէկ ժանիքներն իրա:
Հեգնող ժպիտով
Աղուէսը նրան հարց արաւ, ասաց.
«Ով կտրիճ եղբայր,
Ո՛չ կռուի լուր կայ,
Եւ ո՛չ էլ կասկած,
Ի՞նչ ես վայրապար
Ծով քրտինք մտել ու քեզ չարչարում»:
Իսկ վարազն այսպէս պատասխան տուաւ.
«Ամբողջ աշխարհում
Խորամանկ, խելօք
Հանել ես համբաւ,
Բայց խելքդ, իրօք,
Հաւնոցից հեռու չի անցնում բնաւ:
Զինուորը պիտի
Խաղաղութեան մէջ եւ ո՛չ թէ մարտի,
Զէնքերը սրէ եւ պատրաստ ու կազմ`
Աչալուրջ լինի:
Գիտցի՛ր, որ ժանգն է ծնել պատերազմ.
Սրբած թրի դէմ դուրս գալ ճակատի
Թշնամին նուազ ախորժակ ունի»:
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
Կնոջական էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ