ԳԱՂՈՒԹԷ-ԳԱՂՈՒԹ

ՆՈՐ ՋՈՒՂԱ

ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՁԵՌՆԱՐԿ

Հայ մանուկներու տարուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ նախատեսուած է այցելութիւններ` Սպահանի տեսարժան վայրեր, որպէսզի  մանուկները իրենց ապրած միջավայրին աւելի մօտէն ծանօթանան: Այս այցելութիւններուն առաջինը եղաւ դէպի «Նաժվան» զբօսայգիին մէջ գտնուող  թիթեռնիկներու թանգարանը: Ծրագիրը կազմակերպուած էր Մանուկներու տարուան Նոր Ջուղայի յանձնախումբին կողմէ, համագործակցութեամբ Սպահանի քաղաքապետարանին: Թանգարանի պատասխանատուն մանուկներուն բացատրութիւններ տուաւ հոն ցուցադրուած աւելի քան 1000 թիթեռնիկներու մասին, որոնք հաւաքուած եւ ցուցադրութեան դրուած էին Իրանէն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէ: Մանուկներուն մեծ հետաքրքրութիւն պատճառեց թիթեռնիկներու գոյներու, տեսակներու եւ չափերու զանազանութիւնը:

Այնուհետեւ մանուկները իրենց պատասխանատուներուն հետ առիթ ունեցան զբօսայգիին մէջ շրջելու «Ուրախութեան գնացք» կոչուող շոգեկառքով, նաեւ շրջապտոյտ մը կատարեցին ձիերով: Ապա վերադարձան Ս. Ամենափրկիչ վանք եւ իրենց շնորհակալութիւնները յայտնեցին կազմակերպիչներուն:

 

ԹԵՀՐԱՆ

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ
ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդին,  8 օգոստոսին «Արարատ» մարզաւանի «Այգեստան»ին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընթրիք   5-րդ շրջանի Համահայկական 5-րդ խաղերուն մասնակցող թեհրանահայ մարզական պատուիրակութեան հետ:

Թեմական խորհուրդին անունով Արաքս Տէր Պօղոսեան յաջողութիւն մաղթեց ներկաներուն եւ մարզիկներուն, ապա հրաւիրեց խաղերու գործադիր յանձնախումբի պատասխանատու Ժոզեֆ Նազարեանը, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն մասին` նշելով, որ յանձնախումբը իր անդրանիկ նիստը գումարած է 19 փետրուարին: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ ենթայանձնախումբերուն տարած աշխատանքներուն` նշելով, որ 12 օգոստոսին չորս հանրակառքեր «Արարատ» մարզաւանէն պիտի  մեկնին Հայաստան: Ան նկատել տուաւ, որ Թեմական խորհուրդի եւ միութիւններու  համագործակցութեամբ  յաղթահարուած են դժուարութիւնները, եւ յոյս յայտնեց, որ թեհրանահայ պատուիրակութիւնը լաւագոյն ձեւով  ներկայանայ խաղերուն:

Օրուան առիթով միութիւններու  անունով պատուիրակութեան յաջողութիւն մաղթեցին` Արշաւիր Քէշիշեան եւ Համլեթ Խալոյեան:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Սրբազան հայրը ներկաներուն ծանօթացուց Մակար վրդ. Աշգարեանը, որ Թեհրան ժամանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կարգադրութեամբ` որպէս թեմի առաջնորդի օգնական: Ապա սրբազան հայրը խօսքը ուղղելով պատուիրակութեան` շեշտեց կարեւորութիւնը յոյսով լեցուն ըլլալուն, որպէսզի գործը յաջողութեամբ պսակուի, եւ նշեց, որ Ազգային իշխանութիւնը նիւթական դժուարութիւններով հանդերձ, ոչինչ  կը խնայեն պատուիրակութիւնը` համահայկական խաղերուն ղրկելու համար: Սրբազան հայրը նշեց, որ մարզական բարձր ոգիով ու հոգիով պէտք է նախանձախնդրօրէն եւ հաւաքական խաղարկութեամբ  փորձեն ապահովել իրենց յաղթանակները: Ան նաեւ կարեւորութեամբ նշեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կողմէ խոստացուած նիւթական նպաստը` հաստատելով, որ եթէ պետութեան օժանդակութիւնը չըլլար, շատ դժուար պիտի ըլլար մեծ թիւով մասնակցիլ համահայկական խաղերուն, որովհետեւ Թեհրանէն, Նոր Ջուղայէն եւ Ատրպատականէն կը մասնակցին մօտաւորապէս 350 մարզիկներ:

 

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՆԱՅԻՐԻ» ԵՐԿՍԵՌ
ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ

30 եւ 31 յուլիսին Համազգայինի    Յունաստանի Շրջանային վարչութեան «Նայիրի» պարախումբը իր 20 անդամներով մասնակցեցաւ Էղիոյի Տիաքոֆթօ շրջանի 7-րդ ինչպէս նաեւ Կորընթոսի Զեւղոլաթիօ շրջանի Համաշխարհային աւանդական պարերու 17-րդ փառատօնին:

Էղիոյի քաղաքապետարանը, անցեալ տարիներուն նման, այս տարի եւս, 3-րդ անգամ  ըլլալով հրաւիրեց Համազգայինի պարախումբը` մեծապէս գնահատելով խումբին գրեթէ արհեստավարժ մակարդակը: Համազգայինի պարախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ չորս պարերով` «Քոչարի», «Կապոյտ թռչուն», «Շալախօ» եւ «Բերդ», մեծ խանդավառութիւն յառաջացնելով  յոյն եւ օտար ներկաներուն մօտ: Նշենք, որ սոյն փառատօնին Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբէն զատ կը մասնակցէին նաեւ արտասահմանէն ու Յունաստանի այլ շրջաններէ հրաւիրուած աւանդական պարերու ուրիշ խումբեր:

Կորընթոսի Զեւղոլաթիօ շրջանին կազմակերպած 17-րդ փառատօնին Համազգայինի պարախումբը 5-րդ անգամ ըլլալով մասնակցութիւն բերաւ եւ այնքան մեծ խանդավառութիւն յառաջացուց կազմակերպիչներուն եւ ներկայ հասարակութեան մօտ, որ հրաւէր ստացաւ դարձեալ մասնակցելու յաջորդ տարուան` 18-րդ փառատօնին:

Երկու շրջաններու քաղաքապետներն ալ յուշանուէրներ յանձնեցին պարախումբի անդամներուն որպէս յիշատակ:

 

ՓԱՐԻԶ

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԵԾԱՐՈՒԻ
ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ

Նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Գիրքի ազգային կեդրոնին 17-21 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան Հայաստաններ» (Armenie Armenies) ծրագիրը` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան  20-րդ տարեդարձին:

Հայ-ֆրանսական «Սիժեսեչ» հրատարակչատան տնօրէն Վարուժան Սիրափեան  յայտնեց, որ Գիրքի ազգային կեդրոնը ամէն տարի կ՛ընտրէ  երկիր մը  եւ այս տարի ընտրած է Հայաստանը: Պիտի հրաւիրուին Հայաստանէն, սփիւռքի երկիրներէն եւ բնականաբար նաեւ Ֆրանսայէն հայ հեղինակներ:

Սիրափեան նկատել տուաւ, թէ ծրագիրը հետաքրքրական է եւ աննախընթաց: Անիկա պիտի սկսի Մարսէյ քաղաքին մէջ ու հասնի մինչեւ Փարիզ, հռչակաւոր Արեւելեան ճեպընթացով, եւ հովանաւորուած պիտի ըլլայ Ֆրանսական երկաթուղիի պետական ընկերութեան կողմէ: Ճեպընթացը քաղաքէ քաղաք պիտի փոխադրէ ծրագիրին մասնակիցները` կանգ առնելով Աւինիոն, Վալանս եւ Լիոն քաղաքներուն մէջ:

Ծրագիրին գլխաւոր նիւթը պիտի հանդիսանայ հայ գիրքը. բանախօսութիւններու, բանավէճերու, ընթերցումներու միջոցով հայ հեղինակները պիտի ներկայացուին ֆրանսական հասարակութեան:

Զուգահեռաբար տեղի պիտի ունենան ցուցահանդէսներ, համերգներ, շարժապատկերներու ցուցադրումներ, ինչպէս նաեւ մեծ գիտաժողով մը` հայոց պատմութեան վերաբերեալ:

Հայ գիրքը պիտի շարունակէ մեծարուիլ նաեւ յաջորդ ամիսներուն, այս անգամ` միջազգային մակարդակով: Յիշեցնենք, որ Երեւանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ հռչակուած է Գիրքի 2012-ի համաշխարհային մայրաքաղաք: Երեւանը այդ կոչումին արժանացած 12-րդ քաղաքն է:

Այս երկու յաջորդական իրադարձութիւնները կրնան խթան հանդիսանալ Հայաստանի հրատարակչական աշխատանքին: Աշխատանք, որ ներկայիս զուրկ չէ դժուարութիւններէ:

Վարուժան Սիրափեան առաջարկած է Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին` «Սիժեսեչ»ին` եւ այլ հրատարակչատուներու մասնակցութեամբ դասընթացքներ կազմակերպել Հայաստանի մէջ գիրքի բնագաւառի ձեւաւորողներ պատրաստելու համար:

 

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ`
ՊՐԵՏ ԱՒԱԳԵԱՆԻ

Նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին ու գործակցութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ դատի յանձնախումբին, 7 օգոստոսին, տեղի ունեցաւ քաղաքական հաւաք` ի նպաստ Օրիկըն նահանգի աշխատաւորական հարցերու Պրետ Աւագեանի:

Շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Մաթօ Սենեքերիմեան հանրութեան ներկայացուց Պրետ Աւագեանը, որ վերջերս առաջադրած է իր թեկնածութիւնը Օրիկըն նահանգի Քոնկրեսի ընտրութիւններուն` ներկայացնելով նահանգի քոնկրեսական առաջին ընտրատարածքը:

Պրետ Աւագեան 2008 թուականէն ի վեր կը ծառայէ իբրեւ նահանգի աշխատաւորական հարցերու յանձնակատար. ան նախապէս եղած է նահանգային ծերակոյտի անդամ, ինչպէս նաեւ` նոյն նահանգի խորհրդարանի տան անդամ:

Պ. Աւագեան իրաւաբան է եւ կը գործէ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան մարզին մէջ: Ան ծնած է Ֆրեզնօ, իսկ անոր մեծ հայրը Միացեալ Նահանգներ գաղթած է Մուշէն, 1898-ին, իսկ մեծ մայրը Պիթլիսէն` 1900-ին:

ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԻՆԳ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ
ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 7 օգոստոսին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նուիրուած Լիզպոնի հինգ նահատակներուն, խնդրանքովը շրջանի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, ՀԵԴ-ի «Ռոստոմ» ուխտին, շրջանի ՀՄԸՄ-ի երեք մասնաճիւղերուն, ՀՕՄ-ի «Կարին» եւ «Էրեբունի» մասնաճիւղերուն, նաեւ` Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան քարոզի աւարտին հանգամանօրէն անդրադարձաւ Լիզպոնի նահատակ հինգ երիտասարդներուն անձնազոհութեան, նահատակութեան ու անոնց կատարած ազգանուէր սխրագործութեան:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին շրջանին մէջ գործող կազմակերպութիւններու, հոգաբարձութեան ու այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Օրիկըն նահանգի աշխատաւորական հարցերու յանձնակատար Պրետ Աւագեան ու հոծ բազմութիւն մը, որոնք եկած էին յարգելու յիշատակը հայ ազգին ու Հայ դատին համար մահն իսկ արհամարհած հինգ հայ հերոսներուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, 10 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Երիտասարդական ֆորումը, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, նիւթ ունենալով Հայկական հարցը: Նիւթը ներկայացուց Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի հանրային կապերու տնօրէն Էլիզապէթ Չուլճեան:

Ֆորումը նուիրուած էր Հայ դատին: Տեղի ունեցաւ Հայկական հարցի ծանօթացումը, տեսերիզի ցուցադրութիւն, ուր ներկայացուեցաւ Հայ դատի գրասենեակներու տարած աշխատանքները Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աֆարեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ վարժանիստ` «ինչպէս կը տեսնէ երիտասարդութիւնը ինքզինք` հայկական հարցին մէջ» նիւթով:

Նոյն օրը երեկոյեան ֆորումին մասնակիցները այցելեցին «Հորիզոն»ի գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցան թերթի խմբագրապետ Վահագն Գարագաշեանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան քաղաքական, մշակութային, լրատուական եւ Հայկական հարցին վերաբերող նիւթեր:

11 օգոստոսին մասնակիցները այցելեցին Քեպեք` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Կոմիտաս Վարդապետի կիսանդրիին դիմաց, որուն բացումը տեղի ունեցած էր 6 յուլիս 2008-ին:

 

ՔԱՆԱՏԱ

ԼՈՒՐԵՐ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ

8-9  յուլիսին, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի, տեղի ունեցաւ Ազգային վարչութեան լիագումար նիստ, որ զբաղեցաւ թեմի եկեղեցիներու իրավիճակով, առաջնորդարանի խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու աշխատանքներով, «Նոր Կիլիկիա» գիւղի վերաբնակեցման ծրագրով եւ յառաջիկայ «Երիտասարդական Ֆորում»ի նախաձեռնութեան հարցով:

22  յուլիսին  առաջնորդը  ներկայ գտնուեցաւ Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած նախարար Քենիի գաղթականական եւ բազմամշակութային ծրագիրներու անդրադարձող մամլոյ ասուլիսին, ինչպէս նաեւ` Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ տեղի ունեցած նախարարի պաշտօնական հանդիպումին:

24 յուլիսին սրբազան հայրը Ս. պատարագ մատուցեց Ս. Քեթրինզի Ս. Պօղոս Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ 7-ամեակին առիթով ու ապա մասնակցեցաւ այս առթիւ կազմակերպուած ճաշկերոյթին, որուն ընթացքին օրհնութեան գիր պարգեւեց գաղութի անդամ  Անժէլ Տէրտէրեանին` եկեղեցւոյ եւ ՀՕՄ-ին անոր երկարամեայ ծառայութեան համար:

25 յուլիսին առաջնորդ սրբազան հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային վարչութեան Կրօնական ժողովի նիստը, Թորոնթոյի մէջ:

28 յուլիսին Քեմպրիճի մէջ տեղի ունեցաւ առաջնորդարանի տարեկան կոլֆի մրցաշարքը` ի նպաստ առաջնորդարանին եւ տեղւոյն «Քեմպրիճ մեմորիըլ» հիւանդանոցին:

31 յուլիսին առաջնորդը ներկայ գտնուեցաւ Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցի եւ նախագահեց Վարդավառի պատարագին: Նոյն օրը օրհնութեան գիր պարգեւեց գաղութի անդամ Արամ Նշանեանին` Հայ եկեղեցւոյ տարիներու իր անսակարկ ծառայութեան համար:

 

ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ

«ԱՐԱՐԱՏԻՑ ՍԻՈՆ» ԺԱՊԱՒԷՆԸ

Հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Աղան արք. Պալէօզեանի, 27 յուլիսին Աւստրալիոյ Հայ եկեղեցւոյ խորհուրդը հիւրընկալեց մրցանակակիր «Արարատից Սիոն» վաւերագրական ժապաւէնի բեմագիր եւ արտադրող Մեսրոպ քհնյ. Արամեանը եւ երէցկինը:

Տէր հայրը Աւստրալիոյ թեմ հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու «Արարատից Սիոն» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութեան, որ տեղի ունեցաւ 29 յուլիսին, 400 հոգինոց լեցուն սրահին մէջ, իսկ երկրորդ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ 31 յուլիսին:

«Արարատից Սիոն»ը կը հետեւի վառ քրիստոնէական շրջանին դէպի Երուսաղէմ հայկական ուխտագնացութեան ոտնահետքերուն:

Ժապաւէնը առաջին անգամ ցուցադրուած է 2010-ին, Երեւանի մէջ:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES