ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱՐՄԻՆԻԸՆ ՈՒԻՔԼԻ»Ի. ՌԻՔԱՐՏՈՆԷ ԻՐ ՈՒՐԱՑՈՒՄՈՎ ԿԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԷ ԹՈՒՐՔ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐԸ

Երբեմն կ՛ըլլան յայտարարութիւններ, որոնք այնքա՛ն բացայայտօրէն չարամիտ ու կեղծ են, որ զանոնք պատասխանի իսկ արժանի պէտք չէ դարձնել: Սակայն, երբ այդ յայտարարութիւնները կը կատարուին աշխարհի գերհզօր պետութեան մը դեսպանին կողմէ, լուռ մնալ կարելի չէ:

Թուրքիոյ պէս տարածաշրջանային կարեւոր երկրի մը մէջ Ամերիկայի դեսպան ըլլալու թեկնածու նշանակուած Ֆրանսիս Ռիքարտոնէի պատասխանը` ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի հարցումին, այդպիսի յայտարարութիւններու շարքին կարելի է դասել, անկասկա՛ծ: Այդ յայտարարութիւնը կ՛անպատուէ յիշատակը միլիոնաւոր քրիստոնեաներու, որոնք քսաներորդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն սպաննուեցան օսմանեան Թուրքիոյ մէջ:

Ծերակուտականը հարց տուած էր, թէ մինչեւ 1915 Թուրքիոյ ներկայ տարածքին վրայ գործած երկու հազարէն աւելի քրիստոնէական եկեղեցիներէն քանի՞ն այսօր իբրեւ եկեղեցի կը գործէ, եւ որուն իբրեւ պատասխան` թեկնածուն ըսած է. «Անոնց մեծ մասը»:

«Քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը, որ կը գործէր մինչեւ 1915, այսօր կը շարունակէ գործել իբրեւ եկեղեցի: Որոշ եկեղեցիներ իբրեւ թանգարաններ կը գործեն, մնացեալները խարխլուած են կամ մզկիթներու վերածուած` չօգտագործուելու պատճառով», ըսած է դեսպանը:

Խօսինք թիւերու լեզուով: 1915-ի Ցեղասպանութենէն առաջ, երբեմնի օսմանեան, այսօրուան Թուրքիոյ տարածքին երեք հազարէն աւելի հայկական, յունական եւ ասորական եկեղեցիներ կային: Պոլսոյ Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքը (1896-1908) իր «Հայոց եկեղեցին» կոթողական աշխատութեան մէջ ցուցակագրած է աւելի քան երկու հազար հայկական եկեղեցիներ: «Արմինիըն Ուիքլի»ն վերջերս հրատարակեց հայկական եկեղեցիներու ցանկը` հիմնուելով թրքական եւ հայոց պատրիարքութեան աղբիւրներուն վրայ:

Այսօր ընդամէնը քանի մը տասնեակ եկեղեցիներ կը գործեն Թուրքիոյ տարածքին, ներառեալ` Պոլսոյ մէջ գտնուող հայկական 34 եկեղեցիները:

Եթէ բացառենք բացարձակ տգիտութիւնը` իբրեւ բացատրութիւն, ապա այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարելու դրդապատճառը ուղղակի նուաստացուցիչ է: Արդարեւ, ուրիշ ինչպէ՞ս կարելի է ընկալել օսմանեան Թուրքիոյ մէջ բնակող քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան ենթարկուիլն ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ շարունակուող բռնագրաւումներն ու հալածանքները սքողող սոյն յայտարարութիւնը, որ կատարուած է աներես ուրացման այնպիսի շեշտով, որ իւրաքանչիւր թուրք դիւանագէտի նախանձը կրնայ շարժել:

Դիւանագէտի մը կողմէ նման վիրաւորական յայտարարութիւն կատարելը բոլորովին կը հակասէ իր կոչումին: Ռիքարտոնէն, պէտք է ըսել, կտրեց բոլոր մրցանիշները դիւանագիտական պատմութեան մէջ: Իր ժամանակաւոր նշանակման շրջանին Անգարայի մէջ ծառայելով` դեսպան Ռիքարտոնէ, կը թուի, թէ իր հիւրընկալներուն հաճելի դառնալու գերագոյն ճիգերը կը թափէ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը Ռիքարտոնէի նշանակումը խափանած էր, որովհետեւ նկատած էր, թէ ան Գահիրէի մէջ դեսպանի պաշտօն վարած շրջանին ինչպէ՛ս շուտով որդեգրած էր իր եգիպտացի պաշտօնակիցներուն դիրքորոշումները:

Ի հեճուկս իր երկրի շահերուն աշխատելու սոյն վարքագիծը ընդունելի չի կրնար ըլլալ եւ բաւարար հիմք է Ռիքարտոնէն դեսպանութեան այս պաշտօնին անարժան համարելու: Նախագահ Պարաք Օպամա պէտք է անմիջապէս ետ քաշէ այս անարժանին թեկնածութիւնը, իսկ եթէ ան այդ քայլը չկատարէ, ապա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կը մնայ խափանել անոր նշանակումը:

Share this Article
CATEGORIES