ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԴԻՄԱԳԻԾԸ` 31-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ՈՒՂԵԳԻԾԻ ՀԵՏԵՒՈՒՄՈՎ

ՀՅ Դաշնակցութեան 31-րդ Ընդհանուր ժողովին յայտարարութիւնը, անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան պարզած իրավիճակին, քննադատական յստակ կեցուածք կը ցուցաբերէ գործող իշխանութիւններուն վարած ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան նկատմամբ, նկատելով, որ այն «չի բխիր բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութեան շահերէն», կ՛անդրադառնայ այդ քաղաքականութեան ամէնէն բացայայտ հետեւանքներուն` աղքատութեան խորացում, ապագայի հանդէպ վստահութեան նուազում, արտագաղթի միտում. կը դատապարտէ «քաղաքական ու տնտեսական իշխանութիւններու սերտաճումը», որ` «յանգեցուցած է մենաշնորհներու, ազատ մրցակցութեան բացակայութեան եւ ստուերայնութեան մեծ ծաւալներու»: Առաւել, կ՛արձանագրէ անհատի եւ հանրութեան իրաւունքներու ու ազատութիւններու երաշխիքի բացակայութիւնը, քաղաքացիական հասարակութեան չկայացումը եւ «բացասական բարոյահոգեբանական մթնոլորտը», որ` «կը խոչընդոտէ հայրենիքի լիարժէք քաղաքացիի ձեւաւորման եւ ընկերային յառաջընթացին»: Յայտարարութեան վերջին կէտը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ ընտրական գործընթացին հանդէպ աճող անվստահութեան վրայ:

Այս բոլոր հաստատումներուն հիմամբ, ՀՅ  Դաշնակցութիւնը գլխաւոր նպատակ կը դնէ համապետական ընտրութիւններու ճամբով «համակարգային իշխանափոխութիւն» յառաջացնելու եւ այդ ճամբով հասնելու «նոր որակի իշխանութիւններու ձեւաւորման, համակարգային բարեփոխումներու, ազգային-պետական ուղեգիծի եւ ընկերային արդարութեան սկզբունքներու արմատաւորման, քաղաքական համակարգի լիարժէք կայացման, Հայաստանի արագընթաց զարգացման»:

Իր յաւուր պատշաճի զուսպ ոճով հանդերձ, ՀՅԴ 31-րդ Ընդհանուր ժողովին յայտարարութիւնը կ՛արտացոլացնէ այլեւս ընդդիմադիր, սակայն դեռեւս սահմանադրական կարգերու յանձնառու եւ ամէն բարեփոխութիւն ժողովրդավարական արժեհամակարգի տրամաբանութեան սահմաններու մէջ յառաջացնելու տրամադիր կազմակերպութիւն մը: Նման դիմագիծ դրսեւորելու նախանձախնդրութիւնը այնքան ալ անսպասելի չէ անշուշտ: Քոալիսիոն կառավարութենէն դուրս գալէն ի վեր, եւ ի մասնաւորի երբ ապրիլ 2010-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին որոշումով հայ-թրքական փրոթոգոլներու գործընթացը սառեցուեցաւ, ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան քաղաքական աշխատանքը` որպէս խորհրդարանական ընդդիմութեան, հետզհետէ աւելի կեդրոնացաւ տնտեսական քաղաքականութեան եւ անոր անմիջական հետեւանք ընկերային ծանր իրավիճակին վրայ: Կուսակցութեան պատգամաւորները առիթ չփախցուցին ամէնէն խիստ բառերով դատապարտելու իշխանութիւններուն որդեգրած ազատ-շուկայական միջոցառումները, որոնց պատրուակը յաճախ կամ միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւններու պահանջներն էին կամ ալ ազատ մրցակցութեան պայմաններու բարելաւման հեքիաթը, որուն անհրաժեշտ է հաւատալ եւ այն որպէս պիտակ օգտագործել` մենաշնորհային դրամատիրութեան հասարակարգն ու երկրին մէջ իշխող սակաւապետական դասակարգին յարատեւումը երաշխաւորելու համար: Այդ քաղաքականութեան անմիջական զոհերը` օրուան հացին համար պայքարող շարքային քաղաքացիները դաշնակցական երեսփոխաններուն գրասենեակներուն դռները բաց գտան իրենց առջեւ: Թէ նոյն այդ քաղաքացիները որքանո՛վ պիտի հասկնան կուսակցութեան «Քուէն ուժ է» նախաձեռնութեան իմաստն ու հետեւանքները, առանձին քննարկելի հարց է, եւ, ամէն պարագայի, այդ մէկը երեւան պիտի ելլէ ընտրութիւններու ճամբով:

Նման ընդդիմադիր դիմագիծ արտացոլող այս Յայտարարութիւնը կը տարբերի երեք տարի առաջ գումարուած 30-րդ Ընդհանուր ժողովի նմանօրինակ փաստաթուղթէն, որ պատրաստուեցաւ մարտ 1 – 2, 2008-ի արիւնալի միջադէպերուն եւ անոնց հետեւանքներու սպառնալիքի անխուսափելի նկատառումով: Այն ժամանակ կուսակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան Գերագոյն մարմինը որոշում տուած էր շարունակել մաս կազմել քոալիսիոնին` ի խնդիր ներքաղաքական իրավիճակի կայունացման: Քոալիսիոնական փորձառութեան այս երրորդ հանգրուանը (2003-ի եւ 2007-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք) հիմնուած էր միւս կուսակցութիւններուն` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, Բարգաւաճ Հայաստանին եւ Օրինաց երկիրին հետ ստորագրուած պայմանագիրով մը: Նոյն տարուան յունիս-յուլիս ամիսներուն նախագահ Սերժ Սարգսեան արդէն կը խախտէր պայմանագիրը` «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» իր նախաձեռնութեամբ, եւ ան նախընտրութիւն կու տար հզօր պետութեանց հետ լեզու գտնելու ուղիով իր իշխանութեան եւ երկրի ներքին հարցերը լուծելու այլընտրանքին` փոխանակ ներազգային ճակատի ամրապնդման: Փրոթոգոլային վտանգաւոր բախտախաղի գործընթացի տեւողութեան ՀՅ Դաշնակցութեան համար առաջնահերթային խնդիրը սպասելիօրէն անոր ընդդիմանալն էր, ինչ որ իր լրումին հասաւ սփիւռքէն ծայր առած եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդային զօրաշարժի ծնունդ տուած «Ոչ»ի շարժումով:

2010-11 տարիներուն, սակայն, ձերբազատած քոալիսիոնի հասկնալի սահմանափակումներէն, ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան խորհրդարանական աշխատանքները հետզհետէ աւելի կը սեւեռին ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն վրայ: ՀՅԴ 31-րդ Ընդհանուր ժողովին յայտարարութիւնը բացայայտ կը դարձնէ նաեւ ատեն մը «իմաստութիւն» համարուող այսպէս կոչուած «ազգային երկխօսութենէն», որ, ինչպէս Ընդհանուր ժողովի գումարման ժամանակ արդէն բացայայտ էր, իշխանութիւնները նախաձեռնած են ոչ խորհրդարանական լեւոնական ընդդիմութեան` Հայ ազգային քոնկրեսին հետ: Իշխանութեան երկխօսական այս նախաձեռնութիւնը, ինչպէս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան «Ա+1»ին օգոստոս 2, 2011-ին իր տուած հարցազրոյցին մէջ ճիշդ կերպով կը բնութագրէ, բարեփոխումներէ խուսափելու միջոց է միայն, իշխանութիւնը պահելու մարտավարութիւն, համակարգը, պահպանելու նպատակաուղղուած որպէս թէ զիջում: Եւ, անհրաժեշտ է յստակացնել, այդ «զիջում»ը կը կատարուի հայրենի իրականութեան մէջ այն հատուածին, որ հակառակ ներկայ իշխանութիւններուն իր որպէս թէ արմատական ընդդիմութեան, խորքին մէջ նոյն համակարգէն, ազատ-շուկայական պիտակով մենաշնորհային սակաւապետական իշխանակարգէն կու գայ, նոյն այդ համակարգի ենթահողը ստեղծած է 1995-ին ընդդիմադիր գլխաւոր ուժի` ՀՅ Դաշնակցութեան, արգիլումէն յետոյ պարտադրած սահմանադրութեամբ: Յետոյ, ինչպէս ծանօթ է, Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ու իր հետեւորդները չկարողացան ամրապնդել իրենց իշխանութիւնը, բայց իրենց ստեղծած ընկերային-տնտեսական հասարակարգն ու անոր վրայ բարձրացած իշխանակարգը կառուցային բնոյթ ստացան եւ անոր «բարիքներ»էն, այսինքն 2003 – 2008 պղպջակային տնտեսական զարգացման բարիքներէն օգտուեցան ուրիշներ:

Ազգային խնդիրներու առաջնահերթութիւն տալով` ՀՅ Դաշնակցութիւնը օրին տարբերեց Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ու Ռոպերթ Քոչարեանի քաղաքականութիւնները: Ազգային անվտանգութեան, ներքին կայունութեան մտահոգութեան ազդակը կուսակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը մղեց մարտ 1 – 2, 2008-էն ետք քոալիսիոն կառավարութեան մաս կազմելու որոշում տալու` հակառակ բոլոր վերապահութիւններուն, որոնք առկայ էին ե՛ւ Դաշնակցութեան ղեկավարութեան, ե՛ւ շարքերու մակարդակով: Աւելի՛ն. հակառակ նախագահ Սարգսեանի կողմէ քոալիսիոն համաձայնագրի պայմաններու խախտումին եւ առաջին իսկ պահէն անոր յառաջացուցած ընդվզումի հսկայ ալիքին` ի մասնաւորի սփիւռքի մէջ, Դաշնակցութիւնը միայն ապրիլ 2009-ին, փրոթոգոլներու ստորագրութենէն ետք դուրս եկաւ քոալիսիոնէն այն համոզումով, որ իշխանակարգին մէջ ձայն ունենալով` կրնայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման յոռեգոյն տարբերակին առաջքն առնել:

Դաշնակցութեան քոալիսիոն փորձառութեան վեց տարիները, գաղափարախօսականօրէն ընկերային-տնտեսական բոլորովին այլ արժեհամակարգերու յանձնառու քաղաքական ուժերու հետ համակուսակցական գնահատանքի արժանացած են իրերայաջորդ Ընդհանուր ժողովներու ընթացքին` 2004, 2008, 2011: Բայց այդ փորձառութեան դասերը պիտի շարունակեն քննարկումի նիւթ ըլլալ ի մասնաւորի հիմա, որ ՀՅԴ 31-րդ Ընդհանուր Ժողովը կուսակցութեան ընդդիմադիր դիմագիծը կերտած է շատ յստակ կերպով, առանց քոալիսիոնի օրերուն առկայ «իշխանութեան մէջ ընդդիմութիւն» ըլլալու բնութագրումին, որուն էութեան մասին հանրային կարծիքը համոզելու համար անհրաժեշտ եղաւ բացառիկ ճիգ թափել… Ճիշդ է, վեց տարիներու քաղաքական ժառանգը, թէկուզ եւ` իր դրական ներդրումով, պիտի շարունակէ դժուարացնել կուսակցութեան ընդդիմադիր դիրքերու ամրապնդման աշխատանքը: Աւելի՛ն. իր սկզբունքներէն իսկ մեկնած ե՛ւ Սարգսեանի իշխանութեան, ե՛ւ առաւել անոր ընդդիմացող լեւոնական հատուածին դէմ ըլլալու Դաշնակցութեան կեցուածքը դիւրին ընկալելի պիտի չըլլայ հարցերու պարզացման հետամուտ հայրենի ընտրական զանգուածին համար:

Բայց ճիշդ այդ իւրայատուկ քաղաքական ուղիի ճշդման ու ամրապնդման մարտահրաւէրի հրամայականով է, որ Դաշնակցութեան քաղաքական մտածողութիւնը պէտք է բիւրեղացնէ ընդդիմադիր իր դիմագիծը ՀՅԴ 31-րդ Ընդհանուր ժողովի յայտարարութեան հետեւումով, բայց անոր հասկնալիօրէն զուսպ ոճէն ու բովանդակութենէն անդին` պատմական ներկայ ոլորտի եւ ազատ-շուկայականութեան արդիւնքով համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի պարտադրած անհրաժեշտ արմատականութեան դիրքերէն:

Այս իմաստով, հայրենի իրականութեան ընկերային-տնտեսական ծանրագոյն իրավիճակին մէջ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի ազգային ուղեգիծերու տարբերման այլապէս ճիշդ բանաձեւումը այնքան ալ պիտանի չէ ընդդիմադիր եզակի դիմագիծի, դիրքերու եւ, անոնց հետեւումով, իշխանութեան այլընտրանք ըլլալու նախանձախնդրութեան: Ընդհակառակը, Դաշնակցութեան ընկերվարական աշխարհահայեացքի մեկնակէտով Հայաստանի ընկերային-տնտեսական ներկայ ճգնաժամին վերլուծումը անխուսափելիօրէն գաղափարախօսականօրէն դասակարգային միեւնոյն հատուածին մէջ պիտի զետեղէ անկախութենէն ի վեր իրերայաջորդ բոլոր իշխանութիւնները, որոնք հաւասարապէս մեղսակից են համայնավարական կարգերէ դէպի տնտեսական նոր համակարգի անցումը ազատ-շուկայական վարդապետութեան հետեւումով իրականացնելու եւ սեփականաշնորհում կոչուած երկրի ալան-թալանի արդիւնք դրամագլուխի սկզբնային կուտակման մենաշնորհային բնոյթը պահելու եւ համակարգի վերածելու յանցագործութեան մէջ, որուն արդիւնք է այսօրուան ընկերային ծանր իրավիճակը:

Համայնավարական սնանկացած հասարակարգի փոփոխութեան անխուսափելիութիւնը կասկածի տակ չի կրնար դրուիլ: Այս իմաստով, ո՛չ տնտեսութեան ազատականացման, ո՛չ ալ սեփականաշնորհման գործընթացի անհրաժեշտութիւնը հարցականի տակ կրնայ դրուիլ, բացի, անշուշտ, համայնավարութեան կարօտախտով տառապողներուն պարագային: Դրամագլուխի սկզբնային կուտակումն ալ ազատականութեան գործընթացին մաս կը կազմէ: Ինչ որ անընդունելի է ընկերային արդարութեան հետամուտ ամէն քաղաքական ուժի համար, ազգային պետական համակարգի շահագործումն է` տնտեսական անցումի ժամանակաշրջանին առաջացած դրամատէր դասակարգի մենաշնորհներու խորացման, անոնց անձնական շահերուն ծառայող տնտեսական քաղաքականութեան որդեգրման համար:

Մինչդեռ պետական համակարգը, ապահովելէ ետք ներդրումային ու արտադրական պայմանները, պիտի աշխատէր ընկերային արդար հասարակարգի մը յառաջացման նպատակով, որուն համար առաջնահերթութիւն պիտի տրուէր հարկային ու վարկային ա՛յն քաղաքականութեան, որ երկրին մէջ, երկրի արտադրական պայմաններու օգտագործումով եւ ժողովուրդի աշխատանքի արդիւնքով ստեղծուած հարստութիւնը, որմէ անպայման պիտի օգտուին ներդրողն ու ձեռնարկատէրը, հասնի նաեւ հասարակութեան բոլոր հատուածներուն` սկսելով սպառողական զամբիւղի անհրաժեշտութեան նկատառումէն մեկնած նուազագոյն աշխատավարձի եւ աշխատավարձի յաւելման քաղաքականութեամբ:

Ահա ա՛յս հեռանկարին է, որ կ՛ակնարկէ ՀՅԴ 31-րդ Ընդհանուր ժողովի յայտարարութեան նպատակադրած «համակարգային իշխանափոխութիւնը»: Թէ որքանո՛վ այդ մէկը կարելի է` գործելով ներկայ համակարգի տրամաբանութեան ու սահմանափակումներուն մէջ, թէ որքանո՛վ կարելի է բարեփոխել երկրի ընկերային-տնտեսական իրավիճակը առանց իշխանութիւն ու հարստութիւն կեդրոնացնող նախագահական համակարգը սահմանադրական փոփոխութեան ենթարկելու եւ նման բազմաթիւ խնդիրներ եկող քառամեակի հիմնական մարտահրաւէրները պիտի ըլլան:

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES