ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԸ ԵՒ ՎԵՐ. ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԸ
Երեքշաբթի, 16 օգոստոս 2011-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեանը:
Վերապատուելիները վեհափառին այցելած էին խորհրդակցելու համար ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող հարցերու եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցին առնչուած շարք մը ծրագիրներու շուրջ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ աւելի ամրապնդելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը: Այս առիթով վեհափառը նաեւ մեծապէս գնահատեց Հայկազեան համալսարանի նպաստը լիբանանահայ կեանքին, մասնաւորաբար կրթական մարզին մէջ:
CATEGORIES Գաղութային

