ԻՐԱՆ ԿԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻ ԻՐ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԻ ԼՈՒԾՄԱՆ «ԼԱՒՐՈՎԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ»

Փաթրուշեւ եւ Ահմատինեժատ

Իրանի նախագահի աշխատակազմի մէկ ներկայացուցիչը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ իր համաձայնութիւնը յայտնած է Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու շարունակման Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի առաջարկած նախագիծին:

Ահմատինեժատ երեքշաբթի օր Թեհրանի մէջ բանակցութիւններ ունեցած էր Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ. հանդիպումէն ետք Իրանի նախագահը յայտնած է, որ ինք համաձայն է ռուսական ծրագիրին: Փաթրուշեւ իր կարգին նշած է, որ հետագայ բանակցութիւններուն ընթացքին հաշուի պիտի առնէ նաեւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի կարծիքը:

Լաւրով իր առաջարկներու թղթածրարին մասին յայտնած էր 12 յուլիսին` Ուաշինկթընի մէջ: Այդ ծրագիրը կը նախատեսէ Իրանի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան համագործակցութեան շրջանակներու աստիճանական ընդլայնում, ներառեալ` Թեհրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու աստիճանական նուազեցում` կառոյցի պահանջներու կատարման ի պատասխան:

Ըստ Լաւրովի, այս մարզին մէջ Իրանի կողմէ կատարուած որեւէ շօշափելի քայլ պէտք է խրախուսուի, ներառեալ` պատժամիջոցներու թուլացումով:

 

Share this Article
CATEGORIES