«ՊԱՔՈՒ – ԹԻՖԼԻՍ – ԿԱՐՍ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԱՒԱՐՏԻ 2012-ԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՍՈԼՈՒՔ
«Ազերթաք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Հապիպ Սոլուք յայտնած է, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին պիտի ծառայէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ առեւտուրի բարգաւաճման:
Թուրք նախարարը ըսած է, որ երկաթուղիին թրքական հատուածին աշխատանքները պիտի աւարտին 2012-ին: «Փապուղիի մը շինութիւնն ու ենթակառոյցի աշխատանքները աւարտելէ ետք երկաթուղին պիտի բանեցուի»:
Կը նախատեսուէր, որ այս ծրագիրը ամբողջանայ 2010-ին, սակայն ներկայիս ժամկէտը 2012-ը կը նշուի:
Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարը նաեւ յայտնեց, որ Կարս-Իգտիր-Նախիջեւան երկաթուղիի ծրագիրը պատրաստութեան հանգրուանի մէջ կը գտնուի եւ յառաջիկայ ամիսներուն այդ ծրագիրին շուրջ նուազուրդ մը պիտի յայտարարուի:
CATEGORIES Միջազգային