ՔԱԿ 8 ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԷ
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներ Իրաքի սահմանին մօտ գտնուող Հաքքիարի նահանգին մէջ թակարդ մը լարելով սպաննեցին ութ թուրք զինուորներ:
Պաշտօնատարներ եւ թրքական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ զինուորական մեքենայով շրջանէն անցնող զինուորները սպաննուած են, երբ ճամբեզրին զետեղուած ական մը պայթած է: ՔԱԿ-ի մէկ բանբերը յայտնեց, որ նաեւ երկու ժամ տեւողութեամբ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ յարձակումին համար պատասխանատու նկատեց ՔԱԿ-ը, որ ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը: «Անոնք մեր համբերութիւնը կը փորձեն: Մենք նոյն ձեւով պիտի հակադարձենք», ըսաւ Եըլմազ:
Ապահովական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ականը հեռավարով պայթեցուած է, իսկ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկու անջատ պայթում տեղի ունեցած է:
Յուլիսէն ի վեր ՔԱԿ-ի կողմէ շղթայազերծուած յարձակումները աճ արձանագրած են: Վերջին յարձակումը ՔԱԿ-ի դէմ պայքարի աւելի ազդու ռազմավարութիւն մը որդեգրելու ուղղութեամբ թրքական կառավարութեան վրայ ճնշումը պիտի բարձրացնէ: