ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՍԱՌՈՒՑԵԱԼ ՈՎԿԻԱՆՈՍԻՆ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ԼՕՌԵՐՈՒ ԼՃԱԿՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՋԵՐՄԱՑՈՒՄ ՅԱՌԱՋԱՑՆՈՂ ՋԵՐՄԱՆՈՑԱՅԻՆ ԿԱԶԵՐՈՒՆ ՀՍԿԱՅ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Փետրուարի վերջաւորութեան ամերիկացի խումբ մը գիտնականներ Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին տարբեր բաժիններուն մէջ գտած են կանաչ լճակներ, որոնք շրջապատուած են հալող սառոյցներու կտորներով: Նշեալ լճակներուն կանաչ գոյնը յառաջացած է անոնց մէջ աճող կանաչ լօռերուն պարունակած բուսականաչէն:
Լօռերն ու տարբեր տեսակի կանաչ բոյսեր իրենց գոյնը կը ստանան բուսականաչէն, որ կը կազմուի անոնց մէջ եւ կը նպաստէ, որպէսզի այդ բոյսերը կարենան պատրաստել իրենց սննդեղէնը` նշեալ գործընթացին համար անհրաժեշտ եղող արեւուն կարգ մը ճառագայթները ներծծելով:
Թէեւ նման լճակներ Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին մէջ կը յայտնուին գլխաւորաբար ամրան, երբ հետզհետէ բարձրացող ջերմաստիճաններուն պատճառով հսկայ սառցաժայռերէ սառոյցի կտորներ կտրտուելով` լճակներ կը կազմեն: Սակայն մասնագէտները բացատրած են, թէ վերջին տասնամեակին հետզհետէ ուշագրաւ դարձող ընդհանրական ջերմացման պատճառով սկսած է բարձրանալ կանաչ լճակներուն թիւը` նկատի ունենալով, որ տաք հովերը սառոյցի մեծ կտորներու վրայ փչելով` զանոնք հեռացուցած են ծովեզերքէն, ինչպէս նաեւ ովկիանոսին մակերեսին եղող համեմատաբար տաք ջուրերը պատճառ դարձած են սառոյցներու հալելուն ու կտրտուելուն:
Ծանօթ է արդէն, որ ամրան, երբ ովկիանոսին սառոյցէն մաս մը կը հալի, լօռերուն աճին նպաստող սնուցիչ նիւթեր (օրինակ` երկաթը) կը խառնուին ջուրերուն: Այսուհանդերձ, երբ ընդհանրական ջերմացման պատճառով մեծ տարողութեամբ սառոյց կը հալի, ապա շատ աւելի մեծ տարողութեամբ սնուցիչ նիւթեր կը հայթայթուին լօռերուն եւ, հետեւաբար, անոնք կը նպաստեն մեծ տարողութեամբ լօռերու աճին:
Ընդհանրական ջերմացում կը յառաջանայ` օդին մէջ մեծ տարողութեամբ ջերմանոցային կազերու արտանետումով: Նշեալ կազերէն ամէնէն գլխաւորը` բնածխական կազը մեծ տարողութեամբ կը ներծծուի լօռերուն կողմէ, որոնք, բոլոր կանաչ բոյսերուն նման, իրենց սննդեղէնի պատրաստութեան համար կը գործածեն նշեալ կազը` միւս կողմէ թթուածին արտանետելով օդին մէջ: Այսուհանդերձ, Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին մէջ կանաչ լճակներու յառաջացումն ու անոնց մէջ մեծ թիւով լօռերուն աճը որոշ չափով կը նպաստէ օդին մէջ բնածխական կազին տարողութեան նուազեցման:
ՍՆՆԴԱՆԻՒԹԵՐՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ «ՈՎԱՍԻՍ»ՆԵՐ…
Մասնագէտները գտած են, թէ ովկիանոսին մէջ յառաջացած այդ լճակներուն մէջ կ՛ապրին նաեւ լօռեր ուտող ծփակենսիկներ, փոքր խեցեպատեաններ, ինչպէս նաեւ ձուկի ու ծովային մարախի թրթուռներ:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող բրիտանացի մասնագէտ Փաթրիսիա Եակըր Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին մէջ յառաջացած կանաչ լճակները սննդանիւթերով հարուստ «ովասիս» կոչած է` նկատի ունենալով, որ անոնք ծովային մեծ ու փոքր անասուններուն համար իբրեւ ապաստանարան ծառայած են:
Նշեալ լճակներուն մակերեսէն վերցուած ջուրերու նմուշներուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ իւրաքանչիւր մէկ լիթր ջուր պարունակած է աւելի քան քառասունհինգ մայքրոկրամ բուսականաչ, որուն ունեցած տարողութիւնը հինգ անգամ աւելի եղած է Ամազոն գետին Ատլանտեան ովկիանոս թափող ու տարբեր սննդանիւթերով հարուստ եղող բաժինին պարունակած բուսականաչին տարողութենէն:
Մասնագէտ Եակըր ըսած է, թէ Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին սառցակտորներով շրջապատուած լճակներուն ջուրերը աշխարհի տարածքին տարբեր շրջաններու մէջ յայտնուած կանաչ ջուրերուն ամէնէն կանաչը եղած են:
ԲՈՒՍԱԿԱՆԱՉԻ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ամերիկացի կենսաբան Մարիա Վերնեթի համաձայն, արտասովոր երեւոյթ մը չէ Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին ջուրերուն մէջ մեծ տարողութեամբ բուսականաչ գտնելը` նկատի ունենալով, որ սառոյցով շրջապատուած լճակներուն ջուրերը կանոնաւոր կերպով կը խառնուին հալող սառոյցներէն յառաջացող անուշ ջուրերուն, ինչպէս նաեւ արեւուն ճառագայթները բաւարար տարողութեամբ կը հասնին անոնց: Նշեալ ազդակները նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծեն, որպէսզի լօռերը կարենան իրենց սննդեղէնը պատրաստել` բաւարար տարողութեամբ կազմուած բուսականաչին ներկայութեան: Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտ Վերնեթ արտասովոր գտած է իւրաքանչիւր մէկ լիթր ջուրի մէջ աւելի քան քառասունհինգ մայքրոկրամ բուսականաչ յայտնուելու երեւոյթը` նկատի ունենալով, որ նման տարողութեամբ ջուրի մէջ աւելի քան երեսուն մայքրոկրամ բուսականաչ գտնելը նոյնինքն բացառիկ երեւոյթ մը նկատուած է:
Մասնագէտ Վերնեթ ըսած է, թէ լօռերը ընդհանրապէս կ՛աճին ծովուն մակերեսէն մինչեւ քառասուն մեթր խորութեան մէջ եղող անուշ ջուրերու խաւերուն մէջ, որոնք յաճախ կը ծփան համեմատաբար ծանր եղող ծովու ջուրերուն վրայ:
ԾՓԱԿԵՆՍԻԿՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՆՐԷՆԵՐ Կ՛ԱԶԴԵՆ
ԲՆԱԾՈՒԽԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Մասնագէտ Եակըր նշած է, թէ Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին կանաչ լճակներուն մթնոլորտին մէջ եղող բնածխական կազին տարողութիւնները ուշագրաւ կերպով նուազած են: Բնածխական կազին տարողութիւնները չափող սարքերը ցոյց տուած են, թէ նշեալ լճակներուն մթնոլորտին պարունակած բնածխական կազին տարողութիւնները գրեթէ չորս անգամ նուազ եղած են երկրագունդի մթնոլորտին պարունակած բնածխական կազին տարողութիւններէն:
Ան բացատրած է, թէ կեանքով լեցուն կանաչ լճակներուն մէջ տեղի ունեցող կենսաբանական գործընթացները ծովային այլ միջավայրէ շատ աւելի արագօրէն կ՛ընթանան: Այսուհանդերձ, լօռերը իրենց սննդեղէնի պատրաստութեան ընթացքին արեւուն ճառագայթներէն ձեռք ձգուած ուժանիւթը կը գործածեն` մթնոլորտին մէջ եղող բնածխական կազը ջուրին հետ խառնելու համար եւ, այդպիսով, բնածուխ կը կազմուի անոնց մէջ, որ իրենց սննդեղէնին գլխաւոր բաղկացուցիչը կը հանդիսանայ:
Միւս կողմէ, սակայն, կանաչ լճակներուն մէջ հաւաքուած մեծ թիւով ծփակենսիկները, որոնք լօռերով կը սնանին, շնչառութեան ատեն բնածխական կազ կ՛արտաշնչեն, որ կը խառնուի մթնոլորտին կազերուն հետ:
Նշեալ լճակներուն մէջ գոյութիւն ունին նաեւ մեծ թիւով մանրէներ, որոնք կը տարբաղադրեն փճացած լօռերը եւ, այդպիսով, անոնց պարունակած բնածուխը բնածխական կազի վերածուելով` կ՛արտանետուի մթնոլորտին մէջ:
Կարգ մը կանաչ լճակներու մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով լօռեր, որոնք երբ փճանան, կ՛ընկղմին ովկիանոսին յատակը` իրենց հետ վերցնելով նաեւ իրենց պարունակած բնածուխը: Սակայն ատեններ մեծ թիւով մանրէներ ու ծփակենսիկներ հաւաքուած կ՛ըլլան կանաչ լճակներուն մակերեսին, եւ հետեւաբար, լօռերուն միջոցով ջուրերուն խառնուող բնածխական կազը կարճ ատեն մը ետք վերստին կ՛արտանետուի մթնոլորտին մէջ:
ԱՆՀԵՏԱՆԱԼՈՒ ՎՏԱՆԳԻՆ ՀԱԿԱՄԷՏ ԵՂՈՂ ԿԱՆԱՉ ԼՃԱԿՆԵՐԸ
Ամերիկացի ծովային կենսակազմաքիմիագէտ Լիզա Միլըր ըսած է, թէ կանաչ լճակներուն վրայ փչող հովերը համեմատաբար մեծ տարողութեամբ բնածխական կազ կը տարածեն ջուրերուն մակերեսին, ինչ որ կը նպաստէ, որպէսզի լօռերը շատ աւելի արագօրէն բնածխական կազ ներծծեն:
Մասնագէտ Միլըր յայտնած է նաեւ, թէ ձմրան ջուրերուն մակերեսին կազմուող սառոյցը կը կասեցնէ բնածուխին բնածխական կազի վերածուիլն ու վերստին մթնոլորտին մէջ արտանետուելու գործընթացը: Նաեւ սառոյցին տակ կը կուտակուի մեծ տարողութեամբ աղ պարունակող ջուր, ինչ որ յաւելեալ կը ծանրացնէ մակերեսին ջուրերը եւ ատիկա իր կարգին կը նպաստէ, որպէսզի փճացած լօռերը իրենց բնածուխին հետ միասին ընկղմին ովկիանոսին յատակը:
Մասնագէտ Միլըր նշած է, թէ Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին մէջ կազմուած կանաչ լճակներուն հետզհետէ բարձրացող թիւը որոշ չափով կը նպաստէ երկրագունդին կլիմային հաւասարակշռուելուն` նկատի ունենալով, որ այդ լճակները կարողութիւնը ունին մեծ տարողութեամբ բնածուխ պահելու իրենց մէջ:
Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտ Եակըր բացատրած է, թէ որքան ալ նշեալ լճակները կարողութիւնը ունենան բնածխական կազի հսկայ տարողութիւններ նուազեցնելու մթնոլորտէն, ապա տեղ մը անպայմանօրէն կը սահմանափակուի անոնց կարողութիւնը:
Ան նշած է նաեւ, թէ նկատի ունենալով, որ ընդհանրական ջերմացման տարողութիւնները հետզհետէ կը բարձրանան, ապա սառոյցները գրեթէ ամբողջութեամբ պիտի հալին, նոյնպէս նաեւ` կանաչ լճակները շրջապատող սառոյցի կտորները: Հետեւաբար նշեալ լճակները հետզհետէ պիտի անհետանան եւ հալող սառոյցներուն պարունակած սնուցիչ նիւթերը պարզապէս պիտի տարածուին ովկիանոսին մակերեսին:
Մասնագէտ Եակըր ըսած է, թէ ընդհանրական ջերմացման պատճառով յառաջացած կլիմայական փոփոխութիւնները սկսած են աննախատեսելի փոփոխութիւններ յառաջացնել ովկիանոսներուն մէջ: Այսուհանդերձ, տարիներ շարունակ գոյութիւն ունեցող սառոյցներուն մտահոգիչ արագութեամբ հալիլը տեղ մը առիթ կ՛ընձեռէ, որպէսզի մասնագէտներ կարենան թափանցել ցարդ սառոյցներուն պատճառով անհասանելի նկատուած ծովային միջավայրերու մէջ:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւր՝
«ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ»