ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԱՒՍՏՐԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Աւստրիոյ փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Միխայէլ Շփինտելեկըրի հրաւէրով 18-19 օգոստոսին Սալզպուրկի մէջ պիտի մասնակցի «Աշխարհի տնտեսութեան եւ համաշխարհային կառավարման համար նոր հիմքեր» նիւթով 2011-ի ֆորումին:
Վերջինիս այս տարի հրաւիրուած են նաեւ «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները:
CATEGORIES Հայկական