ԱԿՆԱՐԿ. ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆԻՆ ԵՏԻՆ ԵՐԵՒՑՈՂ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔԸ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը յայտարարուած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ լրատուամիջոցներու զարգացման համար ամէնէն բարենպաստ երկիրը: Նման եզրայանգման եկած են  «Իրեքս» միջազգային կազմակերպութեան փորձագէտները «Լրատուամիջոցներու կայունութեան ինտեքս-2011» («Միտիա սըսթէյնապիլիթի ինտեքս» ամենամեայ հետազօտութեան արդիւնքներուն հիմամբ:

Նախ նշենք, որ «Իրեքս»ը «Եու. Էս. Էյտ.»ի հովանաւորութիւնը կրող ծրագիր է, ինչ որ յստակ կը դարձնէ պատուիրատուին եւ ֆինանսաւորողին պատկանելիութիւնը: Առաջին հայեացքով, լրատուութիւնը խրախուսիչ է եւ կարելի է արձանագրել, որ դրական նախանիշեր կը պարփակէ իր մէջ` հայաստանեան լրատուադաշտը այս առումով բարենպաստ ենթահող համարելով: Պէտք է մտաբերել սակայն, որ «Իրեքս»ի կամ նման այլ միջազգային կազմակերպութիւններու տեղեկագրումները` հայաստանեան լրատուադաշտին մասին, նախապէս նոյնքան դրական շեշտադրումներ չեն ունեցած: Տակաւին. ոչ միայն դրական շեշտադրումներ չեն ունեցած, այլ նաեւ շեշտակիօրէն ընդգծած են  մամուլի գործունէութեան համար ոչ բարենպաստ միջավայրի բացակայութիւնը:

Հիմա պէտք է մտածել, թէ հիմնական ի՛նչ տեղաշարժեր արձանագրուած են հայաստանեան լրատուադաշտին մէջ, որ «Իրեքս»ը յանգած է նման եզրակացութեան: Այստեղ «Իրեքս»ի հաշուոյն բացարձակ հաստատումը կրնայ ճիշդ չըլլալ, այսուհանդերձ ընդհանրական կարգով կ՛արժէ յիշել, որ նման կազմակերպութիւններու տեղեկագրումներուն հիմնական շարժառիթը կ՛ըլլայ քաղաքականը եւ ոչ թէ այս պարագային լրագրական արհեստավարժութիւնն ու նուաճուած որակը:

Մամուլը կամ առհասարակ լրատուամիջոցը Հայաստանի մէջ չորրորդ իշխանութեան դեր ունենալէ հեռու է տակաւին: Ոչ թէ այն պատճառով, որ անիկա հանրային կարծիքի կողմնորոշման վրայ ազդեցութիւն չունի, այլ յստակ այն իրականութեամբ, որ հանրային կարծիքը քաղաքական գործընթացներուն վրայ հիմնական նշանակութիւն չունի տակաւին: Եթէ երկրորդ սկզբունքը լիարժէք գործէր մեր երկրին մէջ, ապա այդ պարագային մամուլ հասկացողութիւնը` իր ներկայ ըմբռնումով կարելի կ՛ըլլար դասել իբրեւ չորրորդ իշխանութիւն:

«Իրեքս»ի տեղեկագրումին եւ եզրայանգումին շարժիչ գործօնը այլ տեղ կը կայանայ եւ առ այդ` տեսական այս սկզբունքներուն հետ կապ չունի: Տեղեկագրումը ինքը կը լուսաբանէ այդ շարժիչ գործօնը: Ուրեմն. հետազօտութեան մէջ կը յիշատակուին շարք մը դէպքեր, երբ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերը ազդած են հայաստանեան իրադարձութիւններուն վրայ` մասնաւորապէս «Մոսկուա» ամառնային կինոթատրոնի շէնքի քանդումի մասին որոշումը չեղեալ յայտարարելու դէպքը: Երեւանի նախկին քաղաքապետի հրաժարականը, որ, շրջանառուող լուրերու համաձայն, խոշտանգումի ենթարկած էր նախագահի արարողակարգի բաժանմունքի աշխատակիցը,  եւս կարելի է դասել ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու եւ պլոկըրներու յաջողութիւններու շարքին,  ըսուած է  հետազօտութեան մէջ: Կը նշուի, որ քանի մը ուսուցիչներ հարկադրուած էին հրաժարական տալ, երբ համացանցով ցուցադրուած էր` աշակերտները ծեծի ենթարկելու տեսանիւթը:

«Իրեքս»ը տակաւին կրնար նշել բանակին մէջ կատարուած պատահարներուն տեսանիւթերու տարածումը կամ եկեղեցին անխնայ քննադատող պլոկըրներու գերաշխուժութիւնը:

«Իրեքս»ի գնահատած միջոցները չէին խնայած նաեւ համազգային մեր արժեհամակարգի հիմնական բաղադրիչները` եկեղեցի-բանակ-դպրոցը: Այժմ անոնցմէ պարագայական օրինակներու մէջբերումով կը խրախուսուի հանրային քննարկումի համար  օգտագործուած եղանակը եւ լռելեայն` օգտագործուած ոճը: Սխալ չհասկցուինք. Խոշտանգումները իբրեւ մերժելի ձեւ հարցերու լուծման պէտք է հրապարակայնացուին եւ քննադատուին: Հարցը ժողովուրդի մը արժեհամակարգը հարուածող նման միջոցներու զարգացման բացասական երեւոյթին մասին է: «Իրեքս»ն ու զայն հովանաւորողները անշուշտ այդ խնդիրը չունին: Խնդիրը մեր մօտն է: «Իրեքս»ի կողմէ դրական գնահատական ստացող հայաստանեան լրատուադաշտը խանդավառութեամբ տեղ պէտք չէ տայ այս եզրայանգումներուն, մանաւանդ որ եզրայանգումին ձեւակերպման պատճառը կը բացատրուի եւ այդ ճամբով շատ նրբօրէն կը խրախուսուին պլոկներով եւ տեսանիւթերով ամէն ինչ հրապարակայնացնելու եւ հիմնական արժէքներ հարուածելու նախաձեռնութիւնները:

Այլապէս, տեսանիւթերն ու պլոկները ազդեցիկ միջոցներ են, եթէ այնտեղ նկատելի է առարկայականութիւնն ու կառուցողականութիւնը: Աւելի ազդեցիկ կը դառնան, եթէ այդ յատկանիշերով կարենան լիարժէք ծառայել իբրեւ չորրորդ իշխանութիւն:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES