«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԻՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԻՒԸ ԻՐ ԲՈԼՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՀԱՆԳԻՍՏ ԿՐՆԱՅ ԹԱՒԱԼԻԼ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Նախագահ Սլէյման` Պէյրութի ճարտարապետներու սենտիքայի պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ երկրին քաղաքական կայունութեան շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել լիբանանեան պետութեան անիւին հանգիստ թաւալքը` բոլոր մարզերուն մէջ, ըլլան անոնք քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, ելեւմտական, թէ այլ:

Նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ղեկավարներուն միջեւ ազգային երկխօսութեան վերսկսելու հեռանկարները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Պէյրութի ճարտարապետներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Էլի Պսայպեսի: Քննարկուեցան շինարարական աշխատանքներու վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ նախագահին ներկայացուեցան սենտիքային կողմէ պատրաստուած պահանջներ:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պէյրութի առեւտրականներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ շեշտեց Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական կայունութեան անհրաժեշտութիւնը եւ անոր ունեցած դրական ազդեցութիւնը երկրին տնտեսութեան բարգաւաճման վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES