ԱՆՊԱՇՏՕՆ ԿԵՐՊՈՎ ՔԱՆԻՑՍ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵԼԷ ԵՏՔ` ԴԱՏԱԽԱԶ ՖՐԵՆՍԻՆ ԳԱՂՏՆԱԶԵՐԾԵՑ ԱՄԲԱՍՏԱՆԱԳԻՐԷՆ ԲԱԺԻՆ ՄԸ
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը երէկ հրապարակեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վերաբերող ամբաստանագիրը, որ վաւերացուեցաւ դատախազ Տանիէլ Ֆրենսինի կողմէ:
Միջազգային դատական ատեանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ Ֆրենսին նշեց, որ Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած լիբանանցի քաղաքայիններուն մասին ներկայացուած փաստերը բաւարար են, միջազգային չափանիշներուն համազօր են եւ կը նկատուին իսկական փաստեր, որոնց հիման վրայ կարելի է ամբաստանութիւններ արձակել:
Ֆրենսինի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ամբաստանագիրին որոշ բաժինները միայն բացայայտուած են` աւելցնելով, որ տակաւին կան որոշ բաժիններ, որոնց գաղտնի մնալը անհրաժեշտ է` շարունակելու համար հետաքննութիւնը:
Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար փութաց ողջունելու Ֆրենսինի որոշումը, որուն հիման վրայ բացայայտուեցաւ ամբաստանագիրը եւ կարելի եղաւ հանրութիւնը տեղեակ պահել այդ ամբաստանագիրին որոշ մանրամասնութիւններէն:
Պելմար նկատել տուաւ սակայն, որ ամբաստանագիրին բոլոր մանրամասնութիւնները պէտք է ներկայացուին դատարանին մէջ, ուր հրապարակային դատավարութիւն տեղի պիտի ունենայ եւ Հարիրիի սպանութեան ամբողջ ճշմարտութիւնը բացայայտուի:
Պելմար յայտնեց, որ փաստերուն շարքին կարելի եղած է հասնիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու շարքի մը, որուն հիման վրայ յստակ դարձած է, թէ Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանեալներէն Մուսթաֆա Պատրէտտին հսկած է Հարիրիի սպանութեան ամբողջ գործողութեան, Սելիմ Այյաշ գործադրած է սպանութիւնը, իսկ Հիւսէյն Օնէյսի եւ Ասատ Սապրա օժանդակած են այդ սպանութեան եւ հոգացած իրենց վրայէն ուղղութիւնը շեղելու բոլոր կարելիութիւնները, որոնց ծիրին մէջ նաեւ սպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնող վկայութեան` Ապու Ատասի վիտէոյին պատրաստութիւնը:
ՀԱՐԻՐԻ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ
Միջազգային դատական ատեանին կողմէ ամբաստանագիրի մէկ բաժինին գաղտնազերծումէն անմիջապէս ետք, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան կապակցութեամբ Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրին քայլ առ քայլ բացայայտումը ողջունելի է եւ կ՛առաջնորդէ դէպի արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն:
Հարիրի յայտնեց, որ ինք ամենայն անկեղծութեամբ Հըզպալլայէն կ՛ակնկալէ պատմական կեցուածք մը, որուն ծիրին մէջ համաձայնութիւն կը յայտնուի Միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցութեան, որպէսզի ի վերջոյ ամբաստանեալները յանձնուին արդարութեան:
Իր խօսքը ուղղելով Լիբանանի կառավարութեան` Հարիրի ըսաւ, որ անոր կողմէ ամբաստանեալները ձերբակալելու պարտականութեան մէջ զլացումը ոչ մէկ օգուտ ունի, այլ` Միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցութեան մերժում է:
ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ
Դիմադրութեան զօրակցող կնոջական կազմակերպութեանց եւ միութիւններուն կազմակերպած իֆթարին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան
արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Հըզպալլա կրնայ Միջազգային դատական ատեանին գաղտնազերծած ամբաստանագիրին դիմադրել պատասխանատուութեամբ եւ պարկեշտութեամբ:
Անդրադառնալով ամբաստանութեան` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ 45 էջերէ բաղկացած այդ ամբաստանութեան մէջ ուղղակի ոչ մէկ փաստ կայ` աւելցնելով, որ այդ ամբաստանագիրին նկատմամբ վստահութիւն չկայ, որովհետեւ քաղաքականացած է եւ անարդար: «Ընդհակառակն` այս ամբաստանագիրը մեզի կը մղէ արժանապատիւ դիմադրող մեր տղաքը նկատելու անմեղներ, որոնց դէմ զրպարտութիւններ կ՛արձակուին, եւ ոչ թէ ամբաստանեալներ», աւելցուց ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանան համայնքային եւ համայնքներու երկիր է, եւ իբրեւ այդպիսին այսօր ճիգ չի խնայուիր քանդելու լիբանանեան տարբեր համայնքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հեզասահ յարաբերութիւնն ու մտերմութիւնը, որպէսզի քանդուի երկրին կառոյցը, յատկապէս` Դիմադրութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ նախորդ հանգրուանին, ներկայիս եւ ապագային Դիմադրութեան դէմ մղուած բոլոր արշաւներն ու պայքարները ունին մէկ նպատակ` աղաւաղել Դիմադրութեան պայծառ պատկերը եւ Լիբանանը պատրաստել ներքին համայնքային սադրանքներու եւ դաւերու` յոյսով, որ Դիմադրութիւնը եւս խռնուի ներքին պատերազմներուն մէջ եւ քանդուի անոր յստակ պատկերը:
Այս ծիրին մէջ սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ լուրջ ջանքեր ի գործ կը դրուին սիւննի եւ շիի համայնքներուն միջեւ լարուածութիւնը հասցնելու իր գագաթնակէտին, որպէսզի քանդեն Լիբանանը եւ Դիմադրութիւնը տուժէ ու անոր իրագործած բոլոր նուաճումները կորսուին:
Սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց նաեւ այն իրականութիւնը, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մնայուն կերպով կը դատապարտեն Հըզպալլան եւ առանց հետաքննութեան աւարտին սպասելու կանխատրամադրուած կերպով կ՛ամբաստանեն Դիմադրութիւնը իւրաքանչիւր մեծ կամ փոքր հարցի առնչութեամբ: Ան նշեց սակայն, որ Դիմադրութիւնը համբերատար է եւ այդ մէկը իր յատկանիշներէն է` աւելցնելով, որ 14 օգոստոս 2006-ին իր տեսած Մարտ 14-ի դէմքերէն ամէն բան կը յուսայ: