ՀԻՑԼՍՓԵՐԿԸՐ ՄԻԱՑԱՒ ՎՈԼՖՍՊՈՒՐԿԻ

Գերմանացի միջազգային մարզիկ Թոմաս Հիցլսփերկըր, որ 2010-2011 տարեշրջանին աւարտին իր կազմը` Ուեսթ Համը լքելէն ետք կը մնար առանց ակումբի, երէկ միացաւ Պունտըսլիկայի կազմերէն Վոլֆսպուրկի` երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ:

29 տարեկան գերմանացին, որ նախապէս մաս կազմած է Ասթոն Վիլայի, իր կազմուածքը պահելու համար վերջին շրջանին փորձեր կը կատարէր Թոթենհամի հետ:

Վոլֆսպուրկի մարզիչ Ֆելիքս Մակաթ ըսաւ, որ ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այսօր` ուրբաթ, 19 օգոստոսին Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (Պունտըսլիկա):

Share this Article
CATEGORIES