ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԳԵՐԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ` ԵՐԵՔ ՄԱՐԶԻԿԻ ԴԱՇՏԷՆ ՎՏԱՐՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի դարձի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի ուշ գիշերին, աւարտեցաւ Պարսելոնայի յաղթանակով: Վերջինս 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք իր մրցակիցը` Ռէալ Մատրիտը, տիրացաւ տիտղոսին: Անոնց միջեւ երթի մրցումը (նախանցեալ կիրակի) աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով:

Մրցումին 15-րդ վայրկեանին Անտրես Ինիեսթա նշանակեց Պարսայի եւ մրցումին առաջին կոլը, որմէ հինգ վայրկեան ետք Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` հիւր կազմին կոլը: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ դաշտին տէրերուն առաւելութեամբ (2-1), երբ Լիոնել Մեսսի նշանակեց կոլ մը: Մրցումին 81-րդ վայրկեանին, մայրաքաղաքի կազմը դարձեալ հաւասարեցուց արդիւնքը` շնորհիւ Քարիմ Պենզեմայի նշանակած կոլին: Սակայն նոյնինքն Մեսսի կերտեց իր կազմին յաղթանակը, երբ 87-րդ վայրկեանին նշանակեց Պարսայի 3-2-ի կոլը:

Նու Քամփի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, որուն ներկայ էին 95 հազար հանդիսատեսներ, Պարսելոնայի նորեկ մարզիկ Սեսք Ֆապրեկաս յաղթանակով սկսաւ իր նոր ասպարէզը, երբ դաշտ ներկայացաւ 82-րդ վայրկեանին:

Սակայն դժբախտաբար մրցումը աւարտեցաւ երեք մարզիկներու դաշտէն վտարումով, երբ կորսուած վայրկեաններուն տեղի ունեցաւ կռիւ մը երկու խումբերուն մարզիկներուն միջեւ:

Պարսելոնայէն կարմիր քարտ ստացաւ Տաւիտ Վիյա, իսկ Ռէալ Մատրիտէն` Մարսելօ եւ Մեսութ Էօզիլ:

Ռէալի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ այսպիսով Նու Քամփ իր ութ այցելութիւններուն ընթացքին չյաջողեցաւ հոնկէ յաղթական վերադառնալ` առիթ տալով դաշտին տէրերուն, որ բարձրացնեն նոր տարեշրջանին իրենց առաջին բաժակը:

 

Share this Article
CATEGORIES