«ՍԻՎԻԼԻԹԱՍ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԵՐԵՔ ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամը հանդէս պիտի գայ երեք նոր նախաձեռնութիւններով: Հիմնադրամը համացանցով լուրեր պիտի սփռէ, օրաթերթ պիտի հրատարակէ, ինչպէս նաեւ հարցախոյզներ պիտի կատարէ:

Ըստ «Սիվիլիթաս»ին, հայերէնով եւ անգլերէնով սփռուող «ՍիվիլՆեթ»ը պիտի լուսաբանէ Հայաստանի ներքին կեանքը, շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ միջազգային իրադարձութիւնները: Օտարերկրեայ եւ տեղական փորձագէտներու մասնակցութեամբ լուրերու թողարկումները կարելի է դիտել համացանցով` ուղիղ սփռումով:

Օրաթերթը պիտի անդրադառնայ Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական խնդիրներուն, օրուան լուրերուն, ինչպէս նաեւ կարեւոր տեղ պիտի յատկացնէ հանրային կարծիքին եւ վերլուծութեան: Աւելի շատ անդրադարձ պիտի ըլլայ տնտեսութեան եւ գործարարութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքականութեան, պիտի չանտեսուին ընկերային հարցերը, մշակոյթը եւ մարմնակրթութիւնը:

Այս ամէնուն հետ մէկտեղ հիմնադրամը սկսած է հանրային հարցախոյզներ կատարել` նպատակ հետապնդելով մանրամասն նախագծուած հարցադրումներու միջոցով վեր հանել Հայաստանի քաղաքացիներուն իրական կարծիքները եւ դիրքորոշումները:

Share this Article
CATEGORIES