ՀՅԴ ԶՈՄ . ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ ԳՈՐԾՈՒՂՈՒՄ
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ գործուղումը` «Քաշաթաղը իմ տունն է» խորագիրով, ընթացք առաւ երեքշաբթի, 16 օգոստոսին, Արցախի Քաշաթաղ շրջանի Կովսական գիւղին մէջ, ուր գործուղուեցան 10 ԶՈՄ-ականներ, այս տարուան ծրագիրը երկու շաբթուան տեւողութեամբ պիտի համախմբէ շրջանի 7-ը գիւղերու պատանիները Կովսականի դպրոցին մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ անգլերէնի, համակարգիչի եւ դաստիարակչական ծրագիրներու դասընթացք:
Ծրագիրի առաջին օրը բոլոր մասնակից աշակերտներուն բաշխուեցան յատուկ, ինչպէս նաեւ դաստիարակչական ծրագիրի գիրքը, յեղափոխական երգերու ձայնասկաւառակներ եւ երգարաններ, թի-շըրթներ եւ այլն: ԶՈՄ-ականները իրենց հետ տարած են նաեւ գրենական պիտոյքներ, դաստիարակչական եւ մարզական խաղեր, ակռայի դեղեր եւ վրձիններ:
Այս աշխատանքը իրականացուեցաւ նախկին զաւարեանականներու եւ նուիրատու անհատներու կատարած ներդրումներով: