ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԵՒ ԿԻՒԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԵՆ
Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ կը պատրաստուի Ռուսիա այցելելու: Կիւլ Ռուսիա իր այցելութեան ընթացքին պիտի մասնակցի 7-8 սեպտեմբերին Եարոսլաւլի մէջ տեղի ունենալիք Համաշխարհային քաղաքական համախմբումի նիստին:
Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հովանիին տակ տեղի ունենալիք համախմբումին պիտի մասնակցին նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Լաթվիոյ նախկին նախագահ Վալտիս Զաթլերս:
Համախմբումին ծիրին մէջ Ապտիւլլա Կիւլ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ:
Կիւլ-Մետվետեւ հանդիպումին ընթացքին այլ հարցերու շարքին պիտի քննարկուին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, Իրանի հիւլէական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի, Իրաքի, Լիպիոյ, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: