«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏԸ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ Կ՛ԵՐԹԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Արմէն Մարտիրոսեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ աշնան ընթացքին քաղաքական դաշտին մէջ արմատական փոփոխութիւններ չեն սպասուիր,  քանի որ բոլոր ուժերը պիտի պատրաստուին հերթական ընտրութիւններուն:

«Երկխօսութիւնը ի՛նչ ընթացք կ՛ունենայ եւ ո՛վ ինչ հանրահաւաքներ կը կատարէ, իրենց խնդիրն է, բայց քաղաքական դաշտը հերթական ընտրութիւններու կը պատրաստուի, եթէ անշուշտ այլ համաձայնութիւններ չըլլան», ըսաւ ընդդիմադիր պատգամաւորը:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը յառաջիկայ աւելի մեծ թուաքանակով եւ ազդեցութեամբ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք պիտի յայտնուի Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ:

Պատգամաւորը ընդգծեց, որ Ժառանգութեան աշխատանքի նպատակաուղղուածութիւնը անխոցելի է` աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը ժողովուրդին այլընտրանքն է:

Մարտիրոսեան նաեւ նշեց, որ վերջին չորսուկէս տարիներուն Ժառանգութեան չակերտաւոր երկխօսութիւններ շատ առաջարկուած են, սակայն կուսակցութիւնը հաւատարիմ մնացած է իր քաղաքական գիծին:

Share this Article
CATEGORIES