ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ «ԿՈՒԿԸԼ»Ը
Ազրպէյճան արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով կը քննադատէ «Կուկըլ» ընկերութիւնը` իր քարտէսներուն վրայ «ազրպէյճանական տարածքներուն անունները աղաւաղելու եւ հայերէն տեղանուններով ներկայացնելու համար»:
Նախանցեալ օր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը տարածեց այս մասին եւ ազրպէյճանցիներուն կոչ ուղղեց աշխուժ քայլերու ձեռնարկելու` այդ տարածքներուն ազրպէյճանական անունները «վերականգնելու» ուղղութեամբ:
«Այս հարցը կը գտնուի արտաքին գործոց նախարարութեան մնայուն ուշադրութեան ներքեւ: Մենք անոր շուրջ պարբերաբար համակարգուած աշխատանք կը տանինք դեսպանատուներու եւ այլ երկիրներու մէջ հաւատարմագրուած մեր դիւանագէտներուն հետ», յայտարարեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլայեւ:
Նշենք, որ «Կուկըլ»ի քարտէսներուն վրայ Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ յարակից տարածքներու տեղանունները ներկայացուած են միայն հայերէն տարբերակներով, մինչդեռ ազրպէյճանցիները կը պահանջեն վերականգնել շրջանի կեդրոններուն ազրպէյճանական անունները. Ստեփանակերտի փոխարէն` Խանքենտի, Քարվաճառի փոխարէն` Քելբաջար, Վարանդայի փոխարէն` Ֆիզուլի եւ այդպէս շարունակ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն համապատասխան յանձնարարականներ տուած է դեսպանատուներուն` «այս բացթողումները շտկելու համար»:
Է. Ապտուլայեւ նշեց, որ այս ծրագիրը բաց է օգտատէրերուն համար եւ Ազրպէյճանի քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ արտերկրի մէջ ապրող ազրպէյճանցիները կրնան իրենց առաջարկները ներկայացնել, լուսանկարներ տեղադրել եւ անձամբ ճշդումներ կատարել «Կուկըլ Ըրթ»ի քարտէսներուն վրայ:
Սոյն նիւթին անդրադարձած են նաեւ ազրպէյճանցի խորհրդարանականները: Անոնցմէ մէկը պնդած է, որ ասիկա հայերու հետախուզական խումբի մը կողմէ իրականացուող արշաւ է Ազրպէյճանի դէմ:
Իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչ Այտին Միրզազատէ յայտարարեց, որ եթէ նմանօրինակ փաստերը հազուադէպ ըլլային, կարելի էր զանոնք պատահական նկատել, սակայն այդ ամէնը սկսած է համակարգային բնոյթ կրել: «Մենք պէտք է աչալուրջ ըլլանք, արագօրէն արձագանգենք եւ հասնինք արդարութեան վերականգնման», պնդեց Ա. Միրզազատէ: